Հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Ս. Եպս Զուպուեանի, կազմակերպութեամբ Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ Մարմինին, Կիրակի, 17 Հոկտեմբեր 2021-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին տեղի ունեցաւ պատանեկան «Մեղրի» երգչախումբի համերգը, «Գ.Եսայեան» սրահէն ներս, մասնակցութեամբ աւելի քան 70 պատանիներու:
Անոնք ներկայացուցին ազգային, հայրենասիրական եւ յեղափոխական երգեր։
Մանրամասնութիւնները՝ «Գանձասար»ի Հոկտեմբեր Բ. համարով: