Սուրիոյ հայ Կաթողիկէ Համայնքապետ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան ընդունեց ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը։
Յակոբ Տէր Խաչատուրեանին կ՚ընկերակցէին տիար Վրէժ Եագուպեան, տոքթ. Ռուբէն Գէորգեան եւ Յարութ Հայրապետեան։
Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ թեմի կղերական դասը:
Հիւրերը այցելեցին Ս. Գրիգոր-ալ Իման վարժարան եւ աթոռանիստ եկեղեցի, ուր աղօթք կատարուեցաւ ի յիշատակ նահատակներուն։
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը գերապայծառ Տիրոջ հետ զրուցեց սուրիահայ համայնքի, Հայաստանը, Արցախը եւ տարածաշրջանը յուզող հարցերու շուրջ։