9 նոյեմբերի 2020-ի եռակողմ յայտարարութեան միամեակին առիթով եւ զօրակցելով Հայաստանի մէջ սկիզբ առած Դիմադրութեան շարժումին, ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան եւ Զաւարեան ուսանողական միութեան կազմակերպութեամբ երէկ երեկոյեան Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան դիմաց տեղի ունեցաւ բողոքի լուռ նստացոյց մը:

Ցուցարարներուն անունով խօսք առաւ Կալի Տէքերմենճեան, որ յայտնեց, թէ աւելի քան հարիւր տարիներ առաջ, Օսմանեան կայսրութիւնը` գինովցած Մեծն Թուրան մը ստեղծելու երազանքով, կազմակերպած է եւ ի գործ դրած մարդկութեան դէմ կատարուած մեծագոյն ոճիրներէն Հայոց ցեղասպանութիւնը:

«Այսօր, դար մը ետք, օսմանեան համաթրքական եւ համաթուրանական ցեղամոլ եւ ծայրայեղ գաղափարախօսութիւնները ստացած են աւելի շեշտակի եւ վտանգաւոր բնոյթ, անոնք սկսած են կեանքի կոչուիլ յատկապէս Թուրքիոյ եւ ընդհանրապէս Ազրպէյճանի կողմէ:

Հետեւաբար, Կովկասի մէջ կը կազմուի թուրանական դաշնակցութիւն մը` ծաւալապաշտական եւ ռազմավարական հեռանկարներով` ուղղակի սպառնալով Հայաստանի Հանրապետութեան գոյութեան», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ այս բոլորին զուգահեռ, Հայաստանը կը շարունակէ մնալ անորոշ եւ անկայուն վիճակի մէջ:

Ան խստիւ քննադատեց Հայաստանի իշխանութիւններուն որդեգրած ապազգային ընթացքը` միակողմանի զիջումներով, կարծեցեալ խաղաղութեան մը հասնելու ակնկալութեամբ, եւ նկատել տուաւ, որ մէկ կողմէ Ազրպէյճան հետեւողական կերպով Հայաստանի հողային ամբողջականութիւնը հարցականի տակ կը դնէ, քմահաճ պայմաններ կը պարտադրէ եւ կը հատէ անոր ինքնիշխան սահմանները` ոտք դնելով հայկական հողերու վրայ, իսկ միւս կողմէ ցեղասպան Թուրքիա «բարի դրացնութեան» ձեռք կ՛երկարէ եւ դրական ազդանշաններ կը ստանայ Հայաստանի իշխանութիւններէն:

«Այսօր վտանգուած են Պատմական Հայաստանէն մեզի մնացած կտոր մը հայրենիքի անկախութիւնը, գերիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը: Հետեւաբար, այսօր մենք, հայ ժողովուրդէն գաղտնի` նոյեմբերեան եռակողմ յայտարարութեան ստորագրութեան միամեակին, գիտակցելով բոլոր յիշեալ սպառնալիքներուն, ներառեալ Սիւնիքի եւ Արցախի կորուստի վտանգներուն, իբրեւ լիբանանահայ երիտասարդներ եւ ուսանողներ, հաւաքուած ենք հո՛ս` Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան դիմաց, բողոքի ձա՛յն բարձրացնելու, աւելին` յայտարարելու, թէ մենք կը դիմադրե՛նք եւ կը մերժե՛նք համակերպիլ ստեղծուած ներկայ իրավիճակին, կը մերժե՛նք Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններու վարած պառակտող եւ պետականակործան քաղաքականութիւնը», շեշտեց ան:

Ցուցարար երիտասարդները Հայաստանի իշխանութիւններէն պահանջեցին.

ա.- Քաջութիւնը ունենալ Ո՛Չ ըսելու, երբ ՈՉ-ը ի շահ հայրենիքին է:

բ.- Հայրենիքի գոյութիւնը վտանգող եւ ապագան վճռող հարցերը քննարկել եւ լուծել համազգային խորհրդակցութեամբ եւ ոչ կառավարական մակարդակով: Հետեւաբար` զերծ մնալ գաղտնի` պարտուողական եւ յանձնուողական համաձայնագիրներ ստորագրելէ:

գ.- Տէր կանգնիլ մասնատուած Արցախին ու արցախահայութեան, անոր հողային ամբողջականութեան եւ անկախութեան:

դ.- Չզիջիլ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման եւ հատուցման հետապնդումի սրբազան աշխատանքէն:

ե. Ամէն գնով պահպանել Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը, գերիշխանութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնը:

«Մեր բոլորին հաւաքական պատասխանատուութիւնն է մատնանշել եւ ուղղել սխալը, գերզգուշութեամբ եւ ուղղամտութեամբ մօտենալ հայրենիքի լինելութեան առնչուած հարցերուն, եւ վերջապէս` համազգայի՛ն մակարդակով որդեգրել ճակատագրական որոշումները», եզրափակեց ան:

Ցուցարար երիտասարդներուն խօսքը արտասանելէ ետք, անոնք «Դիմադրութիւն» գրուած պաստառը ամրացուցին դեսպանատան դարպասին վրայ:

Նստացոյցին ընթացքին շողարձակումով ցուցադրուեցան կարգախօսներ, որոնք Դիմադրութեան նշանակին կողքին յստակօրէն արտայայտեցին լիբանանահայ երիտասարդութեան տեսակէտն ու կեցուածքը` Հայաստանի թրքացումն ու Արցախի զիջումը մերժելու, Սիւնիքը հայրենիք չնկատելու եւ Թուրքիոյ նախապայմաններուն ընդառաջելու Հայաստանի իշխանութեան ընթացքին վերջ տալու, պարտուողական ոգին եւ հայրենիքին դէմ դաւաճանութիւնը կտրականապէս մերժելու իմաստով:

Նոյն կարգախօսներով պաստառներով նստացոյց կատարած եւ ռազմագերիներու ու զոհերու աճիւններու հայրենադարձութիւնը պահանջող երիտասարդներուն ուշադրութենէն չվրիպեցան նաեւ 44-օրեայ պատերազմին նահատակները, որոնց յիշատակին անոնք մոմավառութիւն կատարեցին` արցախեան Բ. պատերազմի խորհրդանիշ դարձած նահատակ Ալպերթ Յովհաննիսեանի գծանկարին դիմաց:

Դեսպանատան պատին վրայ շողարձակումով ցուցադրուեցան նաեւ պատերազմի բոլոր նահատակներուն անունները, ինչպէս նաեւ նահատակներուն լուսանկարները:

Ցուցարար երիտասարդները գիշերեցին դեսպանատան դիմաց, իսկ այսօր առաւօտեան անոնցմէ պատուիրակութիւն մը Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպանին պիտի յանձնէ բողոքագիր մը: