ՀՕՄ-ի Հայաստանի փաղանգին միացան ՍՕ Խաչի հնոցին մէջ թրծուած, կամաւոր ծառայութեան առաքելութեան հաւատք ընծայող ու մշակոյթի նրբագոյն ոլորտը՝ Կիլիկիոյ հայկական ասեղնագործութիւնը լաւապէս իւրացուցած ընկերուհիներ, որոնք անմիջապէս լծուեցան հՕՄ-ի Հայաստանի նորաստեղծ Ձեռարուեստի Յանձնախումբի աշխատանքներուն։
Անոնց աշխատանքին ծանօթանալու նպատակով, «Գանձասար» հարցազրոյց մը ունեցաւ յանձնախումբի ատենապետուհի ընկհ. Լիզա Պապօղլեան-Մինասեանի հետ։
«Գանձասար»- Ե՞րբ եւ ինչպէ՞ս յառաջացաւ ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջ. Վարչութեան Ձեռարուեստի Յանձնախումբը եւ ի՞նչ նպատակ կը հետապնդէ ան։
«Լ.Պ.Մ. »- 2014-2015-ին, օրուան Շրջանային Վարչութիւնը խելամիտ քայլ նկատեց կեանքի կոչել ձեռարուեստի յանձնախումբ մը, որ ընկհ. Բէկի Աւընեանի տեսլականն էր՝ ձեռագործը վերստին կորուսեալ «երկրէն» դէպի հայրենի տուն վերադարձնելու եւ որպէս ազգային ժառանգութիւն՝ նորահաս սերունդներուն հրամցնելու համար։ Յանձնախումբի աշխատանքներուն հետագայ զարգացման իր ներդրումը բերաւ նաեւ ընկհ. Ֆլոր Աքթավուքեան՝ զարկ տալով դասընթացքներուն։
Յանձնախումբը իր վերելքը ապրեցաւ շնորհիւ Շրջանային Վարչութեան նիւթաբարոյական մշտական աջակցութեան եւ յանձնախումբին միասնական աշխատելաոճին, ընդհուպ մինչեւ վաճառատան (ՀՕՄ Արուեստ) ստեղծումը, որ մեծ ձեռքբերում մըն էր հՕՄ-ի Հայաստանի միաւորին համար։
«Գանձասար»- Ձեր աշխատանքին հասոյթը ի՞նչ բանի կ՚օգտագործէք։
«Լ.Պ.Մ»- Յանձնախումբս միշտ ձգտած է ինքնաբաւ ըլլալ։ Ան իր աշխատանքներով ու մանաւանդ վաճառատան գործունէութեամբ՝ յամառատու է Շրջանային Վարչութեան, որուն բարեգործական ծրագիրներու դաշտը լայնածաւալ է հայրենիքէն ներս։
«Գանձասար»- Կը խնդրենք, որ վերջին հարցումի մըն ալ պատասխանէք։ Ծրագրի ընդլայնման համար ինչպիսի՞ առաջարկներ ունիք։
«Լ.Պ.Մ»- Փափաքս է, որ ՍՕԽ-ի եւ ԼՕԽ-ի ձեռարուեստի յանձնախումբերուն հետ գործակցութեան ռազմավարութիւն մը մշակենք, իրարու նեցուկ կանգնելու հայկական ձեռարուեստի պահպանման ու տարածման մէջ եւ փորձառութիւններ փոխանակելու։ Այս ոլորտը շատ կարեւոր է եւ հետաքրքրութիւն կը ստեղծէ նոր սերունդին մօտ։
(շար. 2 եւ վերջ)