Վար­չա­պետ Փա­շին­եա­նի 23 Նո­յեմ­բե­րի  մամ­լոյ ասու­լի­սի նա­խօր­եա­կին, դի­մա­տետ­րի հա­մայն­քի ուշադ­րու­թեան կը յանձ­նեմ հե­տեւ­եալ կա­րե­ւոր հան­գա­ման­քը, կապ­ուած՝ խորհր­դա­յին ներ­քին սահման­նե­րու վա­ւե­րա­կա­նու­թեան հար­ցին։
Խորհր­դա­յին ներ­քին սահ­ման­նե­րը ընտ­րե­լով որ­պէս չա­փո­րո­շիչ, 9 Նո­յեմ­բեր 2020-ի Եռա­կող­մա­նի Յայ­տա­րա­րու­թեան ստո­րա­գիր կող­մե­րը (յան­ձինս Ռու­սաս­տա­նի, Ատըր­պէյ­ճա­նի եւ Հա­յաս­տա­նի պետե­րուն) հաս­տա­տած են շատ ծան­րակ­շիռ մէկ նա­խըն­թաց, որ յղի է ան­նա­խա­տե­սե­լի հե­տե­ւանք­նե­րով ո՛չ միայն Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան հա­մար, այ­լեւ Արցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան կար­գա­վի­ճա­կին։
Գաղտ­նիք չէ, որ Ար­ցա­խի հո­ղա­տա­րա­ծու­թեան մօտ 70%-ը յափշ­տա­կած Ատր­պէյ­ճա­նը այ­սօր բա­ցա­յայ­տօ­րէն կը խօ­սի ամ­բողջ Ար­ցա­խը իւ­րաց­նե­լու հռե­տո­րա­բա­նու­թեամբ եւ այլեւս կը մեր­ժէ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քի Խում­բի Հա­մա­նա­խա­գա­հու­թեան միջ­նոր­դու­թիւնը։ Գաղտ­նիք չէ, որ ան ու­նի Թուրք­իոյ ան­վե­րա­պահ զօ­րակ­ցու­թիւնը այս հար­ցին մէջ։ Իսկ թէ ի՛նչ կը մտա­ծէ ներ­կա­յիս Մոսկ­ուան այս հար­ցին կա­պակ­ցու­թեամբ ծրար­ուած է թանձր մշու­շի մէջ։ Մէկ կող­մէն կը խօս­ուի Ատր­պէյ­ճա­նի տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան մա­սին… նե­րա­ռե­լով Ար­ցա­խը եւ միւս կող­մէ առաջ կը քաշ­ուի Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի ինք­նո­րոշ­ման դա­տը։ Այլեւայլ նր­բե­րանգ­նե­րով, այս է էու­թիւնը մոս­կով­եան շփոթ խօ­սոյ­թին։
Յա­մե­նայն դէպս մէկ կարեւոր հան­գա­մանք հետզ­հե­տէ կ’ուր­ուագծ­ուի եռա­կող­մա­նի դիւա­նա­գի­տու­թեան խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րու խո­րա­պատ­կե­րին մէջ։ Խորհր­դա­յին ներ­քին սահ­ման­նե­րուն հապշ­տապ վա­ւե­րա­կա­նու­թիւն շնոր­հե­լով (եւ Հա­յաս­տանն ալ կողմ դարձ­նե­լով այս որոշ­ման), Մոսկ­ուա եւ Ատրպէյ­ճան ինք­նա­բե­րա­բար իրա­ւա­կան հող կը պատ­րաս­տեն ինք­նո­րոշ­ուած եւ ինք­նիշ­խան Ար­ցա­խի անկա­խութ­եան վերջ տա­լու։ Իսկ Ատր­պէյ­ճա­նի պա­րա­գա­յին, Ար­ցա­խը ամ­բող­ջու­թեամբ իւ­րաց­նե­լու նպա­տակ ու­նե­ցող ատր­պէյ­ճա­նա­կան յա­ռա­ջի­կայ նա­խա­յար­ձա­կու­մը (aggression) այժ­մէն իսկ ար­դա­րաց­նե­լու եւ «օրի­նա­կա­նաց­նե­լու»։ Պարզ խօս­քով, խորհր­դա­յին ներ­քին սահ­ման­նե­րը չա­փո­րո­շիչ ընդու­նե­լու սկզ­բուն­քը ինք­նա­բե­րա­բար կ’ան­տե­սէ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի մղած ազա­տագ­րա­կան պայ­քա­րը Ատր­պէյ­ճա­նի լու­ծէն ազատ­ուե­լու եւ Խորհր­դա­յին Միութ­եան Սահ­մա­նադ­րու­թեան իսկ ընձեռած իրա­ւունք­նե­րով օրի­նա­ւո­րա­պէս ինք­նո­րոշ­ուե­լու։
Վար­չա­պետ Փա­շին­եան կը մե­ղադ­րէ Ատր­պէյ­ճա­նը իր վեր­ջին ռազ­մա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով Եռա­կող­մա­նի Հա­մա­ձայ­նա­գիր­նե­րու գոր­ծադ­րու­թիւնը խա­փա­նած ըլ­լա­լուն հա­մար։ Իրա­կա­նու­թիւնը, սա­կայն, բո­լո­րո­վին տար­բեր պատ­կեր կը պար­զէ։ Խորհր­դա­յին ներ­քին սահ­ման­նե­րը չա­փո­րո­շիչ ըն­դու­նելով, ստո­րա­գիր եռ­եա­կը (Հա­յաս­տա­նի վար­չա­պետն ալ՝ նե­րառ­եա՛լ) ի յա­ռա­ջա­գու­նէ հնա­րա­ւոր դար­ձու­ցած է Ալիեւի սան­ձար­ձա­կու­թիւնը։ Հնա­րա­ւոր դար­ձու­ցած է Ալիեւի ան­պա­տիժ յաղ­թար­շա­ւը ՀՀ ան­կա­խու­թեան իրա­ւա­կար­գով հաս­տա­տագր­ուած մեր երկ­րի տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւնը ոտ­նա­կոխ ընե­լու եւ Ար­ցախ­եան հիմ­նա­հար­ցը ամէ­նէն արագ ձեւով փակ­ուած հռ­չա­կե­լու։ Պրն. Վար­չա­պե­տը՝ ի՛նք-խախ­տե­լով իր սահ­մա­նադ­րա­կան պար­տա­ւո­րու­թիւն­նե­րը-իր ամէ­նօր­եայ բա­ռա­պա­շա­րով եւ դիր­քո­րո­շում­նե­րով «վա­ւե­րա­կա­նու­թիւն» ըն­ծա­յած է մեր հայ­րե­նի­քի սահ­ման­նե­րէն ներս Ատր­պէյ­ճա­նի կազ­մա­կեր­պած տա­րած­քա­յին բա­ցա­յայտ կո­ղո­պուտ­նե­րուն։ Պարզ չէ՞, որ Եռա­կող­մա­նի Համա­ձայ­նա­գիր­նե­րու կա­ռու­ցա­կար­գը (institution, ինս­տի­տուտ) ի վեր­ջոյ ստեղծ­ուած է այս չա­րա­շուք նպա­տա­կին հա­մար եւ ոչ՝ զայն կան­խե­լու։
Այս բո­լո­րէն կը հետեւի այն, որ խորհր­դա­յին ներ­քին սահ­ման­նե­րուն նոր կի­րա­ռու­թիւն տա­լու փոր­ձե­րը նոր ող­բեր­գու­թեան մը սկիզբն են եւ ոչինչ կայ դրա­կան յիշ­եալ գա­ղա­փա­րին մէջ։ Սահ­մա­նա­զատ­ման բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը այ­սօր կեան­քի իրա­կա­նու­թեան մաս կը կազ­մեն։ Անոնք պի­տի ըլ­լան բարդ, կնճ­ռոտ, ակա­նա­պատ­ուած եւ հայ­կա­կան կող­մէն հաս­տա­տա­կա­մու­թեան մեծ պա­շար­ներ պա­հան­ջող։ Հա­յաս­տա­նը պէտք է մտ­նէ այդ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րուն մէջ նոր դի­մագ­ծով եւ քա­ղա­քա­կան կամ­քի նոր կա­րո­ղա­կա­նու­թիւն­նե­րով օժտ­ուած։ Այ­սինքն՝ նախ եւ առաջ իր կեան­քէն դուրս քշե­լով Նի­կոլ Փա­շին­եա­նի պար­տու­թեան վար­չա­կար­գը։ Ուր­կէ՞ կ’անց­նի ապա­գա­յի սահ­մա­նա­գի­ծը կախ­ուած է բա­նակ­ցա­յին գործ­ըն­թա­ցին մէջ ցու­ցա­բեր­ուած կող­մե­րու ու­ժա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րէն եւ եռա­կողմ (եւ բազմա­կողմ) հա­մա­կար­գը կա­ռա­վա­րե­լու մեր իմաս­տու­թե­նէն։ Խորհր­դա­յին ներ­քին սահ­ման­նե­րու չափորո­շի­չը, այս պա­րա­գա­յին, կը գոր­ծէ միայն Հա­յաս­տա­նի գե­րա­գոյն շա­հե­րուն դէմ։ Ան թշ­նա­մին կը դնէ իրա­վի­ճակ թե­լադ­րո­ղի մի­ա­հե­ծան դիր­քե­րու վրայ։ Այդ դիր­քե­րը մենք պի­տի զլա­նանք թշ­նամի­ին։
Սահ­մա­նա­զատ­ման բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ճա­կա­տա­գի­րը կախ­ուած է մեր ազ­գա­յին հա­մա­տա­րած զօրա­շար­ժէն։ Այ­սինքն՝ ՀՀ ընդ­դի­մա­դիր ու­ժե­րու հա­ւա­քա­կան բա­զու­կէն եւ տա­րա­ծաշր­ջա­նի խաղատախ­տա­կին վրայ ինք­նու­րոյն քա­ղա­քա­կան կամ­քով գոր­ծե­լու մեր ան­շեղ յանձ­նա­ռու­թե­նէն։ Թշնա­մին եւ բա­րե­կա­մը պի­տի շու­տով հա­մոզ­ուին, որ նոր, կո­րո­վի, նպատա­կախն­դիր, ինք­նավս­տահ, երի­տա­սարդ եւ գոր­ծու­նակ Հա­յաս­տանն է, որ մտած է գոր­ծի աս­պա­րէզ պա­տե­րազ­մի քոշմա­րը (մղձաւանջը «Գ.») թող­նե­լով իր ետին։
Կարօ Արմէնեան