Օգոստոս ամիսէն ձեւաւորուած են Ազգային Ժողովի խորհրդարանական պատուիրակութիւնները, որոնց մէջ կ’ընդգրկեն են նաեւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները: Մինչ օրս, ըստ էութեան, այդ աշխատանքներուն ընդդիմադիր պատգամաւորները չեն մասնակցած։ Պատճառը մեր գործընկեր պատգամաւորներուն ակնյայտօրէն ապօրինի կալանաւորումն է եւ այլ պատգամաւորներուն պատուիրակութիւններու մէջ ներառուած, տեղաշարժի ապօրինի սահմանափակումն է: Փաստացիօրէն խոչընդոտուած է պատգամաւորներու սահմանադրական գործունէութիւնը: Նշեալ դատավարական գործողութիւններէն իւրաքանչիւրը ունի բացառապէս քաղաքական բաղադրիչ, զուրկ է իրաւական որեւէ հիմքէ եւ պահպանուած է մինչ օրս: Այս իրավիճակը աննախադէպ է Եւրոպայի խորհուրդի անդամ երկրի պարագային, եւ կը վկայէ, որ Հայաստան այլեւս ժողովրդավարական-իրաւական պետութիւն չէ: Նման պայմաններու մէջ «Հայաստան» դաշինքը յայտարարած է, որ չեն կրնար փաստացիօրէն տարբեր կարգավիճակ ունեցող պատգամաւորներ ըլլալ եւ կասեցնել իր մասնակցութիւնը բոլոր միջազգային կազմակերպութիւններուն, չի մասնակցիլ Հայաստանէն դուրս կազմակերպուող նիստերուն՝ մինչեւ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներուն նկատմամբ կիրառուած բոլոր արգելքները եւ սահմանափակումները չհանուին: Նշուած որոշումին մասին կ’իրազեկուին նաեւ միջազգային համապատասխան կազմակերպութիւնները:

«Հայաստան» դաշինք