Հայ Դատի Ամերիկայի յանձնախումբը շնորհակալութիւն կը յայտնէ հոլիուուտեան յայտնի դերասան Ճորճ Քլոնիին թրքական Turkish Airlines ընկերութեան գովազդի նկարահանումէն հրաժարելուն համար։ Այս մասին յանձնախումբի յայտարարութեան մէջ յիշուած է։ Գովազդին մէկ օրուան նկարահանումին համար անոր առաջարկուած է 35 միլիոն տոլար։ «Շնորհակալութիւն Ճորճ Քլոնիին մէկ օրուան աշխատանքին համար $35,000,000-ով Turkish Airlines-ի գովազդի նկարահանումներէն հրաժարելուն համար։ Թրքական օդանաւի ընկերութիւնը, որուն բաժնետոմսերուն 49 տոկոսը կը պատկանի Թուրքիոյ, Էրտողանի վարչակարգին, ներգրաւուած է մարդոց թրաֆիքինկի եւ ծայրահեղական, ճիհատական վարձկաններու անդրսահմանային փոխադրումներուն մէջ», ըսուած է ANCA-ի յայտարարութեան մեջ: Աւելի ուշ Քլոնին The Guardian-ին հարցազրոյցին մէջ ըսած էր, որ հրաժարած է գովազդին մէջ նկարահանուելու պայմանագիրէն։ Ան յայտնած է, որ առաջարկը քննարկած է կնոջ, յայտնի իրաւաբան Ամալ Քլոնիին հետ, եւ անոնք որոշած են հրաժարիլ։