“Երկիր”._Ատրպէյճան յայտարարած է դէպի Ստեփանակերտ երկաթուղի կառուցելու ծրագիրների մասին. «Պարթայէն Աղտամ երկաթուղային գիծի վերակառուցման աշխատանքներու աւարտէն ետք նախատեսուած է երկաթուղային գիծ կառուցել Ստեփանակերտի մէջ», ըսած է «Ատրպէյճանական երկաթուղիներ» ընկերութեան նախագահ Ճաւիթ Կուրպանով։ Ան աւելցուցած է, որ Շուշիի ուղղութեամբ նախագծային աշխատանքներ կը տարուին։ Շինարարութեան սկսելու ժամկէտներ տակաւին չկան. յայտնած է «Սփութնիկի» ատրպէյճանական ծառայութիւնը: