Պատկերասփիւռի նշանաւոր հաղորդավար՝ տոքթ. Մեհմետ Օզ, 30 Նոյեմբերին յայտարարեց իր թեկնածութիւնը իբրեւ հանրապետական, ԱՄՆ Ծերակոյտի երկու  աթոռներէն մէկուն համար, Փենսիլւանիայէն։
Տոքթ. Օզ, ինչպէս իր կուռքը՝ Տանըլտ Թրամփ, ոչ մէկ փորձ ունի քաղաքականութեան մէջ: Ան նոյնիսկ չէ ծառայած իբրեւ քաղաքային խորհուրդի անդամ։ Ամերիկեան հանրութիւնը եւ ամբողջ աշխարհը բաւական տուժեցին հանրածանօթ  ապաշնորհ  Թրամփէն, որ տոքթ. Օզը նշանակեց Սպիտակ տան  մարմնակրթութեան,  առողջութեան եւ սնունդի հարցերով խորհուրդի անդամ՝ իբրեւ նախագահի թեկնածու հանդէս գալէն ետք «Doctor Oz Show» հաղորդման մէջ:
Բացի քաղաքական փորձի պակասէն, կան նաեւ քանի մը այլ հարցեր, որոնք պիտի  խանգարեն կամ որակազրկեն Ծերակոյտի անդամ ըլլալու թեկնածութիւնը տոքթ. Օզի: Հակառակ բժիշկ ըլլալուն՝ ան բժշկական չհիմնաւորուած բազմաթիւ խորհուրդներ տուած եւ խթանած է կասկածելի բուժումներ, ինչպէս օրինակ՝ սակաւակերութեան դեղահատերը եւ «հայտրոքսիքլորոքին»ը՝ պսակաձեւ ժահրի դէմ Թրամփի կեղծ դեղամիջոցը, որով ան իր գրպանը հարստացնելու համար վտանգի կ’ուզէր ենթարկել ամերիկեան հասարակութեան առողջութիւնը:  Ան ցնցիչ  առաջարկ ներկայացուցած է FOX-TV-ին՝ ըսելով, որ «երկրին մէջ դպրոցներու վերաբացմամբ, «քովիտ»ի մահուան դէպքերու 2-3 տոկոս աճը կրնայ ընդունելի այլընտրանք ըլլալ»:
Ըստ «Ուիքիփետիա»յի, տոքթ. Օզ «առաջ մղած է կեղծ գիտութիւնն ու այլընտրանքային բժշկութիւնը, այս պատճառով ալ դատուած է բժիշկներու, պետական պաշտօնեաներու կողմէ եւ հրապարակուած գրութիւններով, ներառեալ՝ British Medical Journal-ի, Popular Science-ի եւ The New Yorker-ի կողմէ՝ չապացուցուած ապրանքներու եւ ոչ-գիտական խորհուրդներու հաւանութիւն տալուն համար: 2014-ին,  British Medical Journal-ը հրապարակեց ուսումնասիրութիւն մը՝ ցոյց տալով, որ առաջարկներուն կէսէն աւելին բժշկական «Talkshow»ներու շարքին, ներառեալ՝ «Doctor Oz  Show»ն, կա՛մ ապացոյցներ չունէին, կա՛մ կը հակասէին բժշկական հետազօտութիւններուն»:
Միւս հարցը այն է, որ տոքթ. Օզ Ծերակոյտի համար անդամ կ’առաջադրուի Փենսիլւանիայէն, թէեւ ան չի հանդիսանար այդ նահանգի բնակիչ: Ան կ’ապրի Նիւ Ճըրզիի մէջ իր հսկայ  առանձնատունը, ինչ որ կը խախտէ Փենսիլւանիոյ մէջ քաղաքական պաշտօնի համար առաջադրուելու բնակութեան պահանջը: 2020-ի  աւարտին, ան իր բնակութեան հասցէի արձանագրութիւնը փոխեց՝ Փենսիլւանիոյ մէջ գտնուող իր զոքանչին պատկանող տան հասցէով, որպէսզի Փենսիլւանիոյ մէջ ընտրելու իրաւունք ձեռք բերէ։ Միակ կապը, որ ան ունի այս նահանգին հետ այն է, որ աւելի քան երեք տասնամեակ առաջ՝ 1986ին, աւարտած է Փենսիլւանիոյ համալսարանը:
Վերջապէս, առանց փափաքելու նուաստացուցիչ բան ըսել այս մարդուն թրքական ծագման մասին, մեզի կը մնայ սպասել եւ տեսնել, որ ընտրուելու պարագային, Տոքթ. Օզ արդեօք հանդէս պիտի գա՞յ իբրեւ թրքական կառավարութեան խօսնակ, թէ՞ պիտի  ծառայէ Միացեալ Նահանգներու շահերուն: Իր թեկնածութեան մասին յայտարարելէ ետք, քանի մը օրուան ընթացքին որոշ յօդուածներ գրուած են, որոնք կասկածի տակ կը դնեն անոր անվերապահ հաւատարմութիւնը Միացեալ Նահանգներու նկատմամբ, իբրեւ Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի երկքաղաքացի: Թէեւ տոքթ. Մեհմետ Օզ ծնած է Օհայօ, սակայն ան իր մանկութեան ամառները անցուցած է Թուրքիա եւ երկու տարի ծառայած՝ թրքական բանակին մէջ։
Ինչ կը վերաբերի հայկական հարցերու գծով անոր դիրքորոշման, կայ երկու ակնարկ.
1) 2014-ին, Ուաշինկթըն գտնուող թուրք-ամերիկեան ընկերակցութեանց խորհուրդը յայտարարեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու իր «գլխաւոր ծրագիր»ին՝ 2015-ին Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին ընդառաջ,  տոքթ.  Օզի մասնակցութեան մասին: Այսուամենայնիւ, տոքթ.  Օզի խօսնակը «Ասպարէզ» թերթին ուղղուած ելեկտրոնային նամակին մէջ գրեց, որ «Տոքթ. Օզ որեւէ կապ չունի ատոր հետ»։
2) 2008-ին, երբ Նիւ Եորքի մէջ ինծի կը շնորհէին Էլիս Այլընտ Պատույ շքանշանը, տոքթ. Օզ նոյնպէս այդ շքանշանի դափնեկիրներէն էր։ Պաշտօնական արարողութեան ժամանակ, իմ ողջոյնի խօսքի այն պահուն, երբ ըսի, որ ես Հայոց Ցեղասպանութիւնը վերապրածներու ժառանգորդ եմ, տոքթ. Օզ ոտքի ելաւ իր նստած տեղէն եւ լքեց դահլիճը: Անոր հանդէպ արդար ըլլալու համար ըսեմ, որ այս կրնար զուտ պատահականութիւն ըլլալ:
Այսուամենայնիւ, տոքթ.  Օզի կը մնայ պարզաբանել իր դիրքորոշումը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին, որ արդէն ճանչցուեցաւ Քոնկրեսի զոյգ պալատներու եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահին կողմէ: Տոքթ.  Մեհմետ Օզի իրական հաւատարմութիւնը կը բացայայտուի, եթէ ան որեւէ դժկամութիւն ցուցաբերէ քննադատելու իր լաւ ընկերոջ՝ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի կողմէ իրականացուած մարդկային իրաւունքներու կոպիտ խախտումները:
Հակառակ իր հանրածանօթ ըլլալու կարգավիճակին՝ տոքթ. Օզի կը սպասէ դժուար պայքար, իր քաղաքական արշաւին մէջ: Ծերակոյտի անդամ դառնալու իր ընտրապայքարին մէջ, ան նախ պիտի մրցի հանրապետական .տասնեակ այլ թեկնածուներու հետ։ Եթէ ան յաղթահարէ այս հիմնական խոչընդոտը, ապա դէմ յանդիման պիտի գայ դեմոկրատական իր մրցակիցին դէմ: Ներկայ հանրապետական  ..ծերակուտական Փէթ Թումի յայտարարած է  թոշակի անցնելու իր որոշումին մասին։
Տոքթ. Օզ յայտնուած է ամերիկեան լրատուական միջոցներու անողոք յարձակումներու տակ՝ անցեալի իր կասկածելի յայտարարութիւններուն համար: Տոքթ. Տէյլ Սամըրզ յօդուած մը գրած է The Daily Beastի մէջ՝ «Կը խնդրեմ մի՛ ընտրէք Տոքթ. Օզը՝ ան խայտառակութիւն է մեր մասնագիտութեան համար» վերնագրով։ Սամըրզ ըսած է. «Ես կ’ողջունեմ այս հեռանկարը այն ոգեւորութեամբ, որ պիտի ունենայի  փորհարութեամբ  հիւանդանալու ժամանակ…: Ան տարիներ շարունակ իր հաղորդման մէջ քարոզած է կեղծ գիտութիւն»:
Ուրիշ յօդուածի մը մէջ, The Daily Beastի թղթակից Մէթ Ուիլսթայն կը հաղորդէ կատակերգու Սթիւըն Քոլպըրթի՝ հեռատեսիլով կատարած հեգնական մեկնաբանութիւնները, Տոքթ. Օզի քաղաքական հեռանկարներուն մասին: Յօդուածը վերնագրուած էր. «Սթիւըն Քոլպըրթ կը  մերկացնէ յայտնի «ստախօս» տոքթ. Օզը  Փենսիլւանիայէն՝ Ծերակոյտի ընտրութիւններուն ընդառաջ»։ Քոլպըրթ ծաղրած է տոքթ. Օզի այն յայտարարութիւնը, թէ իր թեկնածութիւնը «պիտի օգնէ վերստին վառել «աստուածային կայծը» իւրաքանչիւր ամերիկացիի ներսը»: Ան նշած է, որ Տոքթ. Օզ, նախքան իր գլխարկը քաղաքական մրցաբեմ նետելը,  ունեցած է «ստախօսի շահութաբեր  ասպարէզ՝ առողջութեան մասին կասկածելի խորհուրդներ տալով հեռատեսիլով»: Քոլպըրթ այնուհետեւ աւելցուցած է. «Բայց տոքթ. Օզի մօտ կրնան ըլլալ ոչ միայն բժշկական կեղծ յայտարարութիւններ, այլեւ կեղծ յայտարարութիւններ Փենսիլւանիոյ մասին, որովհետեւ ան հոնկէ է, որ կ’առաջադրուի, թէեւ տարիներ շարունակ ապրած է Նիւ Ճըրզի»:
 «Ուաշինկթըն Փոսթ»ի Խմբագրական Էջի խմբագրի տեղակալ եւ սիւնակագիր Քէրըն Թումըլթի յօդուած մը գրած է՝ «Ինչ կը պակսի տոքթ. Օզի Ծերակոյտի քարոզարշաւին» վերնագրով: Թումըլթի կ’ըսէ. «Օզ այժմ ինքզինք առաջարկած է որպէս դեղատոմս անոր դէմ, ինչ որ ցաւ կը պատճառէ քաղաքականութեան։ Զիս նկատեցէ՛ք թերահաւատ մը այն մասին, որ Փենսիլւանիոյ ընտրողները կ’ընդունին այն գաղափարը, թէ Օզն է իրենց փնտռած բուժումը»։
Տակաւին յայտնի չէ, որ տոքթ. Օզի  հանրածանօթ  կարգավիճակը կը յաղթահարէ՞ անոր քաղաքական անփորձութիւնը եւ բժշկական կեղծ բուժումները, թէ ոչ:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝
Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան
Յարութ Սասունեան