9-10 Դեկտեմբերին Միացեալ Նահանգներու նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ «Յանուն Ժողովրդավարութեան» հեռահար գագաթնաժողովը, ուր անդրադարձ կատարուեցաւ մասնաւորապէս ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հարցերուն, թէ՛ Միացեալ Նահանգներուն եւ թէ աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ:
 ԱՄՆ-ի նախաձեռնութեամբ սոյն գագաթնաժողովը հիմնականապէս ունէր երկու նպատակ: Առաջին. բարեփոխել եւ նորովի ներկայացնել արեւմտեան արժեհամակարգը`  ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու դրոյթները: Այս գիտակցումը ինքնին կը փաստէ, որ Միացեալ Նահանգներ պաշտօնապէս կը խոստովանի իր քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային համակարգի հնամաշ ըլլալն ու փոփոխութիւններու անհրաժեշտութիւնը լուսարձակի տակ կը բերէ: Բնականաբար այս իրողութեան առընչուող մտահոգութիւնը նոր չէ: Ամերիկացի եւ միջազգային հեղինակութիւն ունեցող մտաւորականներ աւելի քան տասը տարիէ ի վեր կը խօսին նէոլիպերալիզմի անկման եւ բարեփոխումներու անհրաժեշտութեան մասին:
Նէոլիպերալիզմի ամենայայտնի քննադատներէն է ծանօթ ընկերաբան Նոամ Չոմսկին, որ գիտական մակարդակով քննադատութեան ենթարկած է ոչ միայն նէոլիպերալիզմ համակարգը, այլ նաեւ լիպերալիզմը` որպէս փոքր խաւի համար նախատեսուած համակարգեր եւ հասարակութեան մեծ մասը կեղեքելու միտող գաղափարախօսութիւններ1: Աւելին. ամերիկացի յայտնի փիլիսոփայ Քորնել Ուեսթ իր «Democracy Matters» գիրքին մէջ յստակօրէն կը մատնանշէ ժողովըրդավարութեան ոտնահարումները, որոնք տասնամեակներէ ի վեր տեղի կ’ունենան Միացեալ Նահանգներու մէջ, ան կ’ընդգծէ ոտնահարումը յատկապէս տարբեր ազգութիւններու մարդու իրաւունքներուն2: Այսպիսի հարցեր միշտ ալ եղած են, մասնաւորապէս գոյութիւն ունեցած են մեծ առեւտրական ընկերութիւններու շահարկումներն ու սեւամորթներու հանդէպ խտրականութիւնը, տակաւին պսակաձեւ ժահրի համաճարակի ի յայտ գալէն վերջ յստակ դարձաւ, որ Միացեալ Նահանգներ անկարող է հարցերուն լուծում տալ տնտեսութեան չափազանց ազատականացման եւ կառավարման համակարգին ապակեդրոնացեալ ըլլալուն բերումով:
Այսպիսով յառաջացաւ քաղաքացիներու բժշկական անհրաժեշտ օժանդակութիւն ցուցաբերելու լուրջ հարց եւ գործազուրկներուն3 թիւը 40 միլիոնի հասաւ: Միւս կողմէ, սեւամորթ քաղաքացին տանջամահ ընելով սպաննելու դէպքը զայրացուց ափրիկեան ծագումով համայնքը եւ տեղի ունեցան փողոցային ցոյցեր ու բախումներ ոստիկանութեան հետ: Միացեալ Նահանգներու վերնախաւին համար պարզ դարձաւ, որ պաղ պատերազմի յաղթանակէն ետք զարգացած միահեծան նէոլիպերալիզմի համակարգը սպառած է եւ անհրաժեշտ են բարեփոխումներ: Նոյնիսկ ամերիկացի տեսաբան Փժեժինսքին տարիներ առաջ անդրադարձած էր լիպերալ աշխարհի բարեփոխումներու անհրաժեշտութեան՝ հանրայայտ «Foreign Affairs» պարբերականին մէջ4: Սա Միացեալ Նահանգներու մտահոգութիւններու պարունակին մէջ է, այս պատճառով ալ ԱՄՆ կը համախմբէ արեւմտեան պլօկը վերոյիշեալ գագաթնաժողովին:
Սոյն գագաթնաժողովի իրականացման  երկրորդ նպատակը արեւմտեան պլօկէն դուրս գտնուող գերտէրութիւններու քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային ասպարէզներու ձեռքբերումներն են, որոնք արդէն յաջողած են վերափոխել աշխարհի քաղաքական անցեալի միաբեւեռ իրողութիւնը, որուն առաջատարը կը հանդիսանար Միացեալ Նահանգները: Խօսքը մասնաւորապէս Չինաստանի եւ Ռուսիոյ մասին է, երբ այս գերտէրութիւնները վերջերս  յաջողեցան ոչ միայն յաղթահարել համաճարակին սպառնալիքը իրենց երկիրներուն մէջ, այլեւ առաջինները  եղան, որոնք հասան օգնութեան այլ պետութիւններու՝ անոնց տրամադրելով դեղորայք եւ բժշկական սարքեր ու զանազան երկիրներու մէջ առաջին պատուաստանիւթեր տարածողները եղան: Իսկ աշխարհաքաղաքական իրադրութեան տեսանկիւնէն, Չինաստանի, Ռուսիոյ եւ անոնց դաշնակիցներուն դերակատարութիւնը նոյնպէս փոխեց Միացեալ Նահանգներու երբեմնի միաբեւեռ դիրքը: Բացի Չինաստանի գրանցած տնտեսական սրընթաց աճէն եւ Ռուսիոյ Խրիմի ազատագրումէն, Սուրիոյ յաղթանակը երկարամեայ արիւնալի պարտադրուած պատերազմէն ետք, փոխեց Միացեալ Նահանգներու գծած  Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքական ամբողջ քարտէզը: Թէեւ օտար ուժերու բանակները տակաւին կը գտնուին Սուրիոյ հողին վրայ, սակայն Սուրիոյ իշխանութիւնները վերընտրուեցան ու ստացան օրինապահութեան ազդանշաններ արաբական եւ եւրոպական որոշ երկիրներու կողմէ5: Այստեղ անհերքելի է Ռուսիոյ զինուորական եւ տնտեսական դերակատարութիւնը: Հարկ է այս կապակցութեամբ նշել նաեւ Չինաստանի եւ Իրանի միջեւ կնքուած 25-ամեայ ռազմավարական համաձայնագրութիւնը:
Միացեալ Նահանգներ կը կորսնցնէ իր ազդեցութիւնը նաեւ իր վաղեմի ու ամենահաւատարիմ դաշնակիցներուն` Սէուտական Արաբիոյ եւ Հնդկաստանի նկատմամբ, որոնք իրենց յարաբերութիւնները կը սերտացնեն Ռուսիոյ եւ Չինաստանի հետ6: Ռուսիա դադրեցնելով արցախեան երկրորդ պատերազմը, Արցախի մէջ նոր ռազմական ներկայութիւն հաստատեց` խափանելով Միացեալ նահանգներու եւ Ֆրանսայի ներկայութիւնը: Այս բոլոր փաստերը մէկտեղելով` տեսանելի կը դառնայ Միացեալ Նահանգներու աշխարհաքաղաքական դերին եւ ներկայութեան նուազումը:
Ինչպէս նախապէս ալ ականատես եղած ենք, Միացեալ Նահանգներ յաճախ կ’օգտագործէ նման մարտավարութիւն այնպիսի երկիրներու դէմ, որոնք չեն ենթարկուիր իր խաղի կանոններուն, կամ չեն գտնուիր իր ենթակայութեան տակ եւ կամ կը համարուին մրցակից: Այժմ նոյնպէս, ինչպէս կը տեսնենք, Միացեալ Նահանգներ կը փորձէ զինուորական ներկայութիւնը ընդլայնել Ռուսիոյ սահմաններուն մօտ7, Թայուանը կը հրահրէ զինուորական գործողութիւններ կազմակերպելու Չինաստանի դէմ եւ զօրք կ’ուղարկէ այնտեղ8, կը դրդէ իր կողմէ ֆինանսաւորուող հասարակական կազմակերպութիւնները՝ աւելի աշխուժօրէն կազմակերպելու գունաւոր յեղափոխութիւններ եւ այլն: Այսինքն, ան Չինաստանի, Ռուսիոյ եւ իր դաշնակիցներուն դէմ պատրաստ է պայքարիլ թէ՛ «Hard Power», թէ՛ «Soft Power» մեքանիզմներով: Պատահական չէ, որ վերջերս Ուաշինկթընի մէջ Ռուսիոյ եւ Չինաստանի դեսպանները հանդէս եկան միատեղ յայտարարութեամբ` սոյն գագաթնաժողովը համարելով պաղ պատերազմի տրամաբանութիւն, որուն նպատակն է քննադատել Չինաստանի եւ Ռուսիոյ իշխանութիւնները` ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքները ոտնահարման պատրուակով: Ինչպէս կը տեսնենք, Միացեալ Նահանգներ մտադիր չէ հաշտուիլ այն իրողութեան հետ, որ աշխարհը այսուհետեւ չի գտնուիր նէոլիպերալ պարտադրուած արժեհամակարգի ազդեցութեան տակ եւ երկիրները կրնան ստեղծել իրենց ուրոյն քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային համակարգերը` հիմնուած ազգային գաղափարախօսութիւններու վրայ:
Այս իմաստով, ժողովրդավարութիւնը եւ մարդու իրաւունքները ոտնահարողը առաջին հերթին Միացեալ Նահանգներն է, երբ կը սպառնայ այլ պետութիւններուն ստեղծել ուրոյն գաղափարախօսութեամբ համակարգեր, որոնք համահունչ չեն իրենց ժողովուրդներուն եւ ցանկութիւններուն: Առիթէն օգտուելով, հարկ կը համարեմ նշել, որ թէ՛ Չինաստան, թէ՛ Ռուսիա պաշտօնապէս կը խօսին բարոյականութեան մասին` ինչ որ գոյութիւն չունի արեւմտեան քաղաքական եւ ընկերային բառարաններուն մէջ. ատիկա յատուկ է բացառապէս ազգային գաղափարախօսութիւն ունեցող երկիրներուն: Ռուս եւ չինացի տեսաբանները նոյնպէս կը գրեն բարոյականութեան դերին մասին` որպէս բարգաւաճման եւ զարգացման կարեւոր խթան: Օրինակ, Ալեքսանդր Թուքին իր աշխատութիւններուն մէջ մեծ դեր կը վերապահէ բարոյական եւ կրօնական արժէքներուն9 նոյնպէս Սի Ծինպի իր հեղինակած գիրքերուն մէջ կը գրէ բազմադարեան չինական քաղաքակրթութեան մէջ10 բարոյականութեան կարեւոր դերին մասին: Սա սպասուած երեւոյթ է, երբ նէոլիպերալիզմը անտեսողն էր մարդկային բարոյական եւ կրօնական արժէքներու եւ մարդը կը վերածէր մեքենայացուած անզգայ սպառողի: Ուստի, եթէ Միացեալ Նահանգներ կը միտի իրապէս բարեփոխել ներքին քաղաքականութիւնը, թերեւս, օրինակ, Չինաստանէն եւ Ռուսիայէն վերհանէ բարոյական եւ կրօնական արժէքներ, որոնք ժամանակին որպէս բարիքի աղբիւր խոստացած էր շնորհել մարդկութեան:
Անդին, միեւնոյն ժամանակահատուածին մէջ, 5 Դեկտեմբերին Փեքինի մէջ կազմակերպուեցաւ «Միջազգային Ֆորում Յանուն ժողովրդավարութեան եւ Համամարդկային Արժէքներու», որ նոյնպէս անդրադարձաւ ժողովրդավարութեան, անոր արեւմտեան ոչկայուն արժէք ըլլալուն եւ առաջ մղեց «ընկերվարական ժողովրդավարութեան» թեզը, որ հաւասարութեան վրայ հիմնուած տեսութիւն է, ոչ թէ ամերիկեան մենատիրութեան վրայ հիմնուած, այլ արեւմտեան արժէքներու վրայ առաւելաբար:
Հետաքրքրական է, որ գերտէրութիւնները տուեալ ժամանակահատուածին մէջ կը մրցին ոչ թէ միայն քաղաքական եւ տընտեսական իրենց կշիռքը աւելցնելու աշխարհին մէջ, այլ պայքարը կը կեդրոնանայ հասարակական գետնի վրայ եւ մասնաւորապէս ժողովրդավարութեան տեսլականի շուրջ. այսպիսով, Չինաստան կը յաջողի նաեւ մշակել ժողովրդավարութեան գաղափարին առնչուող այնպիսի հասարակական ծրագիր, զոր Միացեալ Նահանգներ անկարող է այսուհետեւ օգտագործել որպէս զուտ արեւմտեան արժեհամակարգ եւ Միացեալ Նահանգներուն պատկանող զէնք:
վերջաւորութեան, չեմ կարծեր, որ Միացեալ Նահանգներ շօշափելի յաջողութիւն կ’արձանագրէ այս գագաթնաժողովի արդիւնքներէն, քանի որ նախ եւ առաջ ան չունի յստակ ծրագիր իր ներքին իրավիճակը բարելաւելու, ինչ կը վերաբերեի արտաքին մրցակիցներուն, անոնք յստակօրէն նշած են, որ Միացեալ Նահանգներու մեղադրանքները արդէն հինցած են եւ ազդեցութիւն չեն կրնար ունենալ, որովհետեւ անոնք ժողովրդավարութիւնը կը կիրառեն իրենց ուրոյն ձեւերով: Այս իմաստով, օրինակ, Չինաստան պաշտօնական զեկոյց հրապարակեց վերջերս «White Paper» անուամբ11 դիտել տալով, որ ԱՄՆ ունակ չէ ազդեցութիւն բանեցնելու իր վրայ անհեթեթ մեղադրանքներով։ Միւս կողմէ, Չինաստան սկսած է առաջարկել իր դաշնակիցներուն եւ զարգացող երկիրներուն համար ուրոյն ժողովրդավարութեան ձեւաչափ մը, որ աւելի ընկալելի պիտի ըլլայ այդ երկիրներուն եւ ժողովուրդներուն համոզումներուն եւ պատկերացումներուն:
Արարատ Կոստանեան
Քաղաքագէտ