“168 ժամ”-ը գրած է. «Տակաւին անցնող տարի 168.am-ը նկատած էր, որ ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութեան պաշտօնական էջին վրայ կը բացակայի Արցախեան առաջին պատերազմի տարեգրութիւնը, ուր մանրամասն ներկայացուած էին իրականացուած բռնագրաւումները, թէ որ օրը հայկական ինչ շրջան եւ գիւղ ազատագրուած է: Այն ատեն ՊՆ-էն ըսին, թէ թեքնիք հարցեր կան, բայց իրականութիւնը ցոյց տուաւ, որ այս պատճառաբանութիւն է՝ Արցախեան առաջին պատերազմի տարեգրութիւնը մինչ այսօր կը բացակայի ՊՆ պաշտօնական կայքին մէջ: