“Երկիր”._ՀՀ Ազգային Ժողովի նախագահը ստորագրած է Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանին՝ նախագահի լիազօրութիւնները դադրած համարելու մասին արձանագրութիւնը։ «Հիմք ընդունելով Հանրապետութեան նախագահի հրաժարականի դիմումը եւ առաջնորդուելով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 142-րդ յօդուածի եւ «Ազգային Ժողովի Կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքի 147-րդ յօդուածին 1-ին մասի եւ 2-րդ մասի 2-րդ կէտի պահանջները՝ դադրած համարել Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի՝ նախագահի լիազօրութիւնները», գրուած է արձանագրութեան բնաբանին մէջ: