«…կրնա՞ք ըսել, որ ամէն բան վերջացած է: Ո՛չ: Անկախութիւնը այնպիսի բան է, որ նուէր չի ստանար։ Ամէն ազգ իր անկախութիւնը սեփական բռունցքով միայն կրնայ ձեռք բերել… Հայ ժողովուրդի համար անկախութիւնը այսօր մահուան եւ կեանքի հարց է, եւ Հայաստանի ժողովուրդը ունի այդ գիտակցութիւնը»:
1 Փետրուարին Հայաստանի առաջին հանրապետութեան առաջին վարչապետ եւ ականաւոր ճարտարապետ Յովհաննէս Քաջազնունիի ծննդեան օրն է։

Փուշքինի փողոցի թիւ 4 շէնքի բնակարաններէն մէկուն մէջ ապրած է ականաւոր քաղաքական եւ պետական գործիչ, Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին վարչապետ, տաղանդաշատ ճարտարապետ, փրոֆեսոր Յովհաննէս Քաջազնունին: Առաջին Հանրապետութեան անկումէն վերջ ան Խորհրդային Հայաստան վերադարձած էր 1924-ին՝ նպատակ ունենալով օգնել հայրենիքին եւ ստանձնել զուտ իր մասնագիտութիւնը՝ ճարտարապետութիւնը:

1868_ին ծնած Յովհաննէս Քաջազնունին աւարտած էր Փեթերպուրկի քաղաքացիական ճարտարագիտութեան հիմնարկը, 1914_ին աշխատած է Ազգային բիւրոյի մէջ, 1918_ին եղած է Անդրկովկասի սեյմի անդամ: Ուսանողական տարիներուն` 1893_ին, անդամագրուած է ՀՅԴ-ին:

Հայաստանի առաջին վարչապետ Յովհաննէս Քաջազնունին հետագային ինքն իր մասին գրած է.

«Իբրեւ արեւելքցի՝ հակում ունիմ երազելու եւ փիլիսոփայելու: Ըսե՞մ: Անբուժելիօրէն ռոմանթիկ եղած եմ եւ միաժամանակ՝ շեշտուած իրապաշտ: Հաշտեցուցէք, եթէ կրնաք: Իբրեւ գրասէր գրած եմ ասկէ-անկէ: Իբրեւ տնաբոյս փիլիսոփայ՝ շատ մտածած եմ անլուծելի հարցերու մասին»։

1907-1910_ին զբաղած է Պաքուի հայկական Սուրբ Թադէոս-Բարթողոմէոս մայր տաճարի նախագծման եւ շինարարութեան աշխատանքներով:

1917-ին Քաջազնունին ընտրուած է Հայոց Ազգային խորհուրդի, Փետրուար 1918-ին՝ Անդրկովկասեան Սեյմի անդամ: Սեյմի կազմին մէջ 1918-ին մասնակցած է Տրապիզոնի բանակցութիւններուն, նոյն տարուան Յունիսին իբրեւ Հայաստանի ներկայացուցիչ (Ալեքսանդր Խատիսեանի եւ Միքայէլ Պապաճանեանի հետ)՝ Օսմանեան կայսրութեան պատուիրակութեան հետ ստորագրած է Պաթումի հայ-թրքական Հաշտութեան եւ Բարեկամութեան դաշնագիրը:

Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան կառավարման ձեւը խորհրդարանական էր, այսինքն` երկրի ամենակարեւոր քաղաքական դէմքը վարչապետն էր:  Յովհաննէս Քաջազնունին  հայոց պատմութեան այդ  բարդ  շրջանին  իր վրան առած է վարչապետ դառնալու ծանր պատասխանատուութիւնը  եւ մեծ ներդրում ունեցած է հայոց պետականութեան հաստատման գործին:

Յովհաննէս  Քաջազնունիի գործունէութեան երեք ամենակարեւոր կէտերէն առաջինը  Քաջազնունիին վարած  հայակեդրոն քաղաքականութիւնն էր:

Յաջորդ կարեւոր կէտը Քաջազնունիի խիստ զգուշաւոր  մօտեցումն էր դրացի Օսմանեան Թուրքիոյ հանդէպ: Հակառակ, որ կայսրութիւնը արդէն մահուան մահիճին մէջ էր, նոյնպէս կը շարունակէր Դամոկլեան սուրի նման կախեալ մնալ նոր պետականութեան գլխավերեւը:

Կարեւոր է նաեւ Քաջազնունիի անմնացորդ նուիրումը գաղափարին եւ հանրապետութեան: Անոր ամենախօսուն փաստերը  Քաջազնունիի անձնական կորուստներն են՝ պատերազմի մէջ զոհուած երկու որդիները: Միայն այսպիսի ծանր կորուստներու  գնով Քաջազնունին եւ գործի միւս նուիրեալները յաջողեցան դնել Առաջին Հանրապետութեան հիմնաքարերը: «Բացառիկ ծանր պայմաններու մէջ գործի անցած է իմ կազմած կառավարութիւնս… Կառավարութիւնը չունի յենարան մը անցեալի, ան պիտի չի յաջորդէ նախկին կառավարութեան՝ շարունակելու արդէն ընթացքի դրած պետական աշխատանքը», ըսած է Քաջազնունին՝ ներկայացնելով կառավարութեան կազմը:

Վարչապետի պաշտօնը ստանձնած ընթացքին, Քաջազնունին կ’ուղեւորուի Վրաստան, Եվրոպա, ապա Միացեալ Նահանգներ, ուր կարեւոր դեր կը կատարէ ամերիկեան օգնութիւնը Հայաստան հասցնելու համար: 1920-ին կը վերադառնայ Հայաստան, կը ստանձնէ խորհրդարանի նախագահի տեղակալի աթոռը, Նոյեմբերի վերջերը կը դառնայ նախագահ: Կը մասնակցի 1921-ի փետրուարեան ապստամբութեան հետեւանքով ձեւաւորուած Հայրենիքի փրկութեան կոմիտէի աշխատանքներուն:

1921-ի ամրան հազարաւոր հայերու հետ կ’անցնի Արաքսը, կ’ապրի ապա՝ Իրանի, Եգիպտոսի, Պոլսոյ եւ Ռումինիոյ մէջ: 7 Ապրիլի 1923-էն մինչեւ 19 Մայիս Վիեննայի մէջ կը գումարուի ՀՅԴ արտասահմանեան մարմիններու արտակարգ խորհրդաժողովը։ Խորհրդաժողով կը հրաւիրուի Յ. Քաջազնունին եւս, սակայն վերջին պահուն ան հրաժարած է մասնակցիլ եւ իր զեկուցումը, որ վերնագրուած էր «Հ ՅԴաշնակցութիւնը ընելիք չունի» կ’ուղարկէ փոստով: Գիրքին վերնագիրը բովանդակութենէն չի բխիր եւ անիկա ճիշդ ընկալելու համար կարեւոր է կարդալ ողջ գիրքը, որ գրուած է մեր պատմութեան  ամենակարեւոր քաղաքական գործիչներէն մէկուն՝ Յովհաննէս Քաջազնունիի ձեռքով: Պէտք է նշել, որ Յ. Քաջազնունին
յայտնի գրքոյկը գրած է ոչ թէ դէպի Հայաստան անցաթուղթ ստանալու նպատակով, այլ որպէս իր անձնական համոզմունքի դրսեւորում: Ան միամտօրէն կը կարծէր, որ ՀՅԴ-ի քաղաքական ասպարէզէն հեռանալը կարելիութիւն կու տայ խորհրդային պետութեան վերականգնելու տնտեսութիւնը, իսկ ապագային կը լուծէ նաեւ Հայ Դատը, սակայն վերադառնալով Խորհրդային Հայաստան՝ կը հասկնայ, որ իր պատկերացումները՝ պոլշեւիկներու, Խորհրդային Հայաստանի եւ Հայ Դատի լուծման մասին սխալ էին․ ինքը մեծ սխալ գործած է, որուն համար խիստ զղջացած է, սակայն արդէն ուշ էր:

19 Յունուարի 1925_ին ան արդէն Երեւան էր: Եւ իրապէս մեծ յոյսերով ու նպատակներով Յ. Քաջազնունին վերադարձաւ Երեւան: Պատանեկան խանդավառութեամբ ան անցաւ գործի` իր մասնագիտական գիտելիքները ի նպաստ դնելու յանուն նոր Հայաստանի կերտման։ Այդ տարիներուն Հայաստանի մէջ կ’ընթանային մեծ ծաւալի շինարարական աշխատանքներ, եւ ճարտարապետներու խիստ կարիք կը զգացուէր: Եւ Քաջազնունիի բարձր մասնագիտութիւնը եւ խոր գիտելիքները մեծ դեր խաղցան երիտասարդ Հանրապետութեան հասարակական եւ ճարտարապետական կեանքին մէջ։ Ըլլալով բարձրակարգ ճարտարապետ` ան յաճախ կը հրաւիրուէր տարբեր յանձնաժողովներու աշխատանքներուն եւ կու տար նախագիծերու եզրակացութիւններ: 1926_ին Յ. Քաջազնունին կը մասնակցի կառուցուելիք ժողտան (օփերայի եւ պալետշթի շէնքի) յայտարարուած մրցոյթին (նախագիծը, ցաւօք, չէ պահպանուած,-Յ. Մ.): 1927-29_ին Քաջազնունիի նախագիծերով եւ անոր անմիջական ղեկավարութեամբ Երեւանի եւ Սարդարապատի մէջ կառուցուեցան բամբակամշակման գործարաններ (չեն պահպանուած,-Յ. Մ.), նոյն թուականներուն կը կառուցէ ձէթ-օճառի գործարանը Երեւանի մէջ` իր բոլոր օժանդակ կառոյցներով, բնակելի աւան աշխատողներու համար: Անոնք կառուցուեցան «Գրախտ» ընկերութեան կողմէն եւ դարձան Խորհրդային Հայաստանի առաջին արդիւնաբերական շինութիւնները:

1926_ին Կիւմրիի սարսափելի երկրաշարժէն վերջ Յ.Քաջազնունին մշտապէս գտնուած է այնտեղ, ուսումնասիրած է քանդուած տուներուն բնոյթը, առաջարկած է շէնքերը ճիշդ կառուցելու ուղիներ: 1927_ին հանդէս եկած է զեկոյցով Լենինականի մէջ իրականացուող վերականգնողական շինարարական աշխատանքներու բնոյթի մասին: Յետագային 1935_ին Յ. Քաջազնունին Լենինականի նախկին Պուլուարնայա (Կիրովի) եւ 27-րդ փողոցներու խաչմերուկին վրայ կը կառուցէ բնակելի նոր շէնք: Այս կառոյցը մինչեւ օրս կանգուն է եւ դիմակայած է անգամ 1988_ին աւերիչ երկրաշարժին, կը համարուի Յ. Քաջազնունիի լաւագոյն գործերէն մէկը:

Միաժամանակ Յ. Քաջազնունին աշխուժօրէն կը մասնակցի հասարակական գործունէութեան: Հայաստանի ճարտարագիտական ընկերութեան նախագահութեան անդամ էր, ապա` նախագահ: 1928_ին Հ. Աճառեանի, Գ. Յակոբեանի, Ա. Տէրեանի հետ համահեղինակութեամբ Յ. Քաջազնունին իր ճարտարագիտական եւ գրական գիտելիքներու մեծ պաշարով կը մասնակցի «Շինարարական կառոյցներու ռուս-հայերէն բառարանի» ստեղծումին: Այդ բառարանը բաղկացած էր 7560 բառ-յօդուածներէ: 1 Նոյեմբեր 1929-ին «Կորսուի անգրագիտութիւնը» ընկերութեան անդամ էր:

1926_ի աշնան մինչեւ 1931_ի գարունը Յ. Քաջազնունին կը դասաւանդէ Երեւանի համալսարանի նոր կազմակերպուած ճարտարագիտական հիմնարկի (շինարարական արուեստ), ապա շինարարական հիմնարկի (ճարտարապետական նախագիծին մէջ) առարկաները: 9 Փետրուար 1930-ին ՀՍՍՀ Լուսժողկոմատի միութեան որոշումով Յ. Քաջազնունիին կը շնորհեն փրոֆեսորի գիտական կոչումը:

Մեծ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ նաեւ Քաջազնունիի գրական ժառանգութիւնը: Հոգեպէս մեծ կապուածութիւն ունենալով ժամանակի գրական կեանքին եւ գործիչներուն հետ, հետագային անոնց մասին յուշեր գրած է։ Յատկանշական են Թումանեանի մասին անոր յուշերը. անկեղծ՝ անկաշկանդ, սիրով առլեցուն:

Յուլիս 1937_ի վերջերը Յ. Քաջազնունին կը հանգստանար Ստեփանաւանի մէջ եւ իր աղջկան` Մարգարիտային ուղղուած նամակին մէջ կը յիշատակէ, որ մտադիր է մնալ այնտեղ մինչեւ 6 Օգոստոս, սակայն Յ.Քաջազնունիին վիճակուած չէր երկար հանգստանալ, որովհետեւ 28 Յուլիսին ՆԳ Ժողկոմիսար Խ. Մուղդուսիին ստորագրութեամբ կը տրուի հրաման թիւ 6/41 Յ.Քաջազնունիի բնակարանը խուզարկելու եւ ձերբակալելու համար: 29 Յուլիսին ան Ստեփանաւանի մէջ կը ձերբակալուի ՀՍՍՀ ՆԿՎԴ-ի կողմէն:

Քաջազնունին մահացաւ 15 Յունուար 1938_ին (այլ տուեալներով՝ 29 Դեկտեմբեր 1937-ին ) բանտային հիւանդանոցին մէջ կրիփէն ու թոքաբորբէն, այլապէս պիտի գնդակահարուէր 5 Դեկտեմբեր 1937-ին ՀԽՍՀ ՆԳԺԿ Եռեակի կողմէն առնուած որոշումին համաձայն, որ ժամանակաւորապէս կանխած էր բանտային բժիշկը։