Երեքշաբթի, 1 Փետրուարին լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին Հայաստանի նախագահի պաշտօնակատար Ալեն Սիմոնեան ըսաւ, որ «Քաղաքացիական Պայմանագիր» խմբակցութիւնը նախագահի թեկնածու առաջադրեց բարձր արհեստագիտութեան արդիւնաբերութեան նախարար Վահագն Խաչատուրեանը:
Նշենք, որ ըստ Հայաստանի Սահմանադրութեան, Հայաստանի նախագահի պաշտօնանկութեան, լիազօրութիւններու կատարման անկարելիութեան, հրաժարականի կամ մահուան պարագաներուն, մինչեւ նորընտիր նախագահին կողմէ պաշտօնի ստանձնումը, հանրապետութեան նախագահի լիազօրութիւնները կը կատարէ Ազգային ժողովի նախագահը:
Հաւանական է, որ նոր նախագահի ընտրութիւնը տեղի ունենայ 25 Փետրուարէն սկսեալ տասը օրուան ընթացքին:
Մինչ այդ, Երեքշաբթի, 1 Փետրուարին դադրեցան Արմէն Սարգսեանի լիազօրութիւնները՝ Հայաստանի նախագահի պաշտօնէն:
Հայաստանի Ազգային ժողովի լրատուականին մէջ հրապարակուած արձանագրութեան մէջ կը նշուի. «Հիմք ընդունելով հանրապետութեան նախագահի հրաժարականի մասին դիմումը եւ առաջնորդուելով Հայաստանի Հանրապետութեան Սահմանադրութեան 142-րդ յօդուածի եւ «Ազգային ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքի 147-րդ յօդուածի Ա. մասի եւ 2-րդ մասի 2-րդ կէտի պահանջներով՝ դադրած նկատել հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի՝ նախագահի լիազօրութիւնները»: