Այսօր, 5 Փետրուարին «Դուին Հօլ» համալիրին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան 131-ամեակին նուիրուած պաշտօնական հանդիսութիւնը։ Հանդիսութեան մասնկացած էին ՀՀ երկրորդ եւ երրորդ նախագահներ Ռոպերթ Քոչարեանն ու Սերժ Սարգսեանը, Արցախի Հանրապետութեան նախագահներ՝ Արկատի Ղուկասեան եւ Բակօ Սահակեան, Հայաստանի նախկին վարչապետներ Վազգէն Մանուկեան, Հրանդ Բագրատեան, Խոսրով Յարութիւնեան, Ազգային Ժողովի ընդդիմադիր՝ «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւններու՝պատգամաւորներ, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան եւ արտախորհրդարանական այլ քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ։ Նախաձեռնութիւնը սկիզբ առաւ Հայաստանի Հանրապետութեան, Արցախի Հանրապետութեան եւ ՀՅԴ օրհներգներով։ Ներկաները մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին 44-օրեայ պատերազմին զոհուած հայորդիներու յիշատակը։ Ելոյթներով հանդէս եկան՝ ՀՅԴ Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ, ԱԺ փոխխօսնակ Իշխան Սաղաթէլեան, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Արթուր Մոսիյեան, ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, ՀՀ Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Քրիստինէ Վարդանեան, ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեան։ Ելոյթները ընդմիջուեցան փաստավաւերագրական ֆիլմով, ուր ներկայացուած էին ՀՅԴ_ի անցեալի ճանապարհն ու պայքարի փուլերը։ Հանդիսութիւնը շարունակուոցաւ հայրենասիրական երգերով։