Չորեքշաբթի, 9 Փետրուար 2022-ի առաւօտեան ժամը 8։00-ին, Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Առաւօտեան Ժամերգութիւն, որուն աւարտին սուրբ Հաղորդութիւն մատակարարուեցաւ հաւատացեալներուն Առաջաւորաց պահքին առիթով։
Առաջաւորաց պահքը կը տօնուի (կը պահուի) Ս. Զատիկի տօնի շարժականութեան համաձայն՝ Մեծ պահքէն երեք եւ Զատիկի տօնէն տասը շաբաթ առաջ, որ կը տեւէ հինգ օր:
Առաջաւորացը առաջին պահքն է,  որ հաստատուած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կողմէ, եւ այդ իսկ պատճառով ալ կը կոչուի առաջաւորաց՝ առաջին:
Պատմութեան աւանդոյթին համաձայն, Ս.  Գրիգոր Լուսաւորիչ Խոր Վիրապէն ելլելէ ետք, նախքան Տիրոջ հրաշքով դարձի եկած Տրդատ արքան, հայոց մեծամեծերն ու ողջ ժողովուրդը մկրտելը 65 օր շարունակ Քրիստոսի հաւատքը  կը քարոզէ եւ այդ օրերէն 5-ին ընթացքին կը պատուիրէ պահեցողութեամբ եւ ապաշխարութեամբ պատրաստուիլ մկրտութեան:
Ժամանակին պահք ըսելով կը հասկնային մեր այսօրուան ծոմը, այսինքն՝ ընդհանրապէս ոչինչ կ’ուտէին. սակաւ ջուր կը գործածէին, կամ ալ կ’ուտէին միայն սակաւ բանջարեղէն: Բայց հետագային բանջարեղէնին աւելցան բուսական ծագում ունեցող նաեւ այլ կերակուրներ ու մեղրը, եւ տարբերակին մէջ մտաւ պահքի ու ծոմի միջեւ՝ ծոմը դարձնելով պահքի աւելի խիստ տեսակ:
Առաջաւորաց պահքը կը նախորդէ յատկապէս Ս. Սարգիսի տօնին, սակայն տօնին հետ որեւէ առնչութիւն չունի:
Պահք պահելէ առաջ ցանկալի է եկեղեցի երթալ, մասնակցիլ երեկոյեան ժամերգութեան եւ աղօթել, որ Աստուած զօրացնէ մեզ՝ պահքը ճիշդ իրականացնելու եւ հոգեւոր օգուտներ քաղելու համար:
Պահքէն դուրս գալու համար Ս. Սարգիսի տօնին պէտք է մասնակցիլ Ս. Պատարագին եւ հաղորդութիւն ստանալ:
Իսկ ինչո՞ւ հինգ  օր պահք կը պահենք։
Մեր եկեղեցւոյ հայրերը ասոր կու տան քանի մը բացատրութիւն:
Ա) Ինչպէս արդէն ըսուեցաւ, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի կարգադրութեամբ ողջ արքունիքը եւ հայ ժողովուրդը ապաշխարութեան եւ պահքի մէջ եղան 5 օր:
Բ) Քանի որ մարդը հինգ զգայարան ունի՝ տեսանելիք, լսելիք, հոտոտելիք, ճաշակելիք եւ շօշափելիք, որոնցմով կը մեղանչէ, ուստի այս պահքի հինգ օրերուն ընթացքին պիտի զղջայ ասոնցմով կատարած իր մեղքերուն համար, խոստովանի զանոնք Աստուծոյ եւ ջանայ այլեւս չմեղանչել:
Գ) Ինչպէս յայտնի է, Աստուած աշխարհն ու այնտեղ եղած ամէն ինչ ստեղծեց 6 օրուան մէջ։ Վեցերորդ օրը ստեղծեց մարդը եւ, թէեւ մինչ այդ արդէն ստեղծած էր բոլոր տեսակի կենդանիները, տուած էր անոնց աճելու ու բազմանալու հրաման, սակայն ուտելու հրաման դեռ չէր տուած։ Այդ հրամանը մարդուն ու կենդանական աշխարհին տուաւ միայն վեցերորդ օրը, այսինքն՝ 5 օր ետք: Ուրեմն, աշխարհի ստեղծման առաջին 5 օրը, կարելի է ըսել, պահքի կամ ծոմի օրեր էին, քանի որ ոչ ոք ոչինչ կ’ուտէր։
Դ) Ըստ Եկեղեցւոյ՝ հնգօրեայ պահք սահմանած էին նաեւ Մովսէսէն առաջ եղած նահապետները: Աւանդութիւնը կ’ըսէ, թէ դրախտէն արտաքսուելէ ետք՝ Ադամ 5 օր անօթի մնաց: Աբրահամ, Յակոբ եւ Յովսէփ ալ հնգօրեայ պահք պահած են: Ըստ մեր Եկեղեցւոյ հայրերու բացատրութեան այս պահքի առաջին չորս օրերուն րնթացքին՝ Աստուածաշունչէն հատուածներ՝ ընթերցուածներ չեն կարդար եկեղեցւոյ մէջ, որովհետեւ այս պահքը հաստատուեցաւ այն ժամանակ, երբ դեռ չէին գրուած ո՛չ Հին Կտակարանի, ո՛չ ալ Նոր Կտակարանի գիրքերը:
Առաջաւորաց պահքի վերջին՝ Ուրբաթ օրը, Յովնան մարգարէի (ն. Ք. 8-րդ դար) յիշատակի օրն է, եւ եկեղեցւոյ մէջ կ’ընթերցուի անոր գիրքը, ուր նոյնպէս կը խօսուի պահքի ու ապաշխարութեան մասին. «Թագաւորի ու անոր մեծամեծներուն կողմէ Նինուէի մէջ յայտարարուեցաւ ու ազդարարուեցաւ, թէ մարդ եւ անասուն, հոտ եւ արջառ թող ոչինչ ուտեն, կամ ճարակեն եւ ջուր խմեն: Եւ մարդ ու անասուն քուրձ հագան, ի սրտէ աղօթեցին Աստուծոյ, բոլորը ետ կանգնեցան իրենց չար ճանապարհներէն եւ անօրէնութիւններէն, որ իրենց ձեռքով   կը կատարուէր…» (Յվն 3.7-8):