Կիրակի, 6 Փետրուար 2022-ի առաւօտեան, Գամիշլիի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ յաւարտ Ս. Եւ Անմահ պատարագին հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ՍՕԽ-ի ննջեցեալ խաչուհիներու յիշատակին, նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի։ Օրուան պատարագիչն էր Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեան։ Ներկայ էին ՍՕԽ-ի Շրջ. Վարչութեան ներկայացուցիչ Թամար Շահինեան- Յովհաննէսեան, «Արցախ» Մասնաճիւղի վարչական ընկերուհիներ, խմբապետական կազմի եւ մասնաճիւղի անդամներ։ Արարողութենէն ետք, Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս վարչական ընկերուհիները ցաւակցութիւններ ընդունեցին, իսկ հոգեշնորհ հայր սուրբը իր խօսքին մէջ վեր առնելով Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի նուիրեալ աշխատանքն ու զոհողութիւնը շեշտեց խաչուհիներու անսակարկ գործունէութեան կարեւորութիւնը, մանաւանդ պատերազմի դժուար տարիներուն, երբ խաչուհիներ ճիգ չխնայեցին սատարելու գաղութիս մէջ գործող շտապ յանձնախումբի աշխատանքին։ Անոնք միշտ պատնէշի վրայ կանգնած էին, պատրաստ օգնելու եւ գործակցաբար աշխատելու։ Ապա հոգեշնորհ հայր սուրբը յաջողութիւն մաղթեց «Արցախ» Մասնաճիւղի՝ յառաջիկայ իր բոլոր ծրագիրներուն մէջ, առողջ եւ երկար կեանք՝ միութեան անդամներուն եւ ննջեցեալներուն հոգիին լոյս եւ խաղաղութիւն։ Այնուհետեւ յաջորդաբար Շրջանայինի ներկայացուցիչը եւ վարչութեան ատենապետ Անի Սարգիսեանը իրենց սրտի խօսքերը ուղղեցին ներկաներուն՝ լուսարձակի տակ առնելով Գամիշլիի «Արցախ» Մասնաճիւղի հետեւողական եւ անխոնջ աշխատանքը՝ ի նպաստ գաղութի նիւթական եւ բարոյական օժանդակութեան։ Խունկ ու մոմ նուիրեալ խաչուհիներուն անմար յիշատակին։

Բժշկհ. Մարի Մելքոն