Շաբաթ, 12 Փետրուար 2022-ի առաւօտեան ժամը 10։30֊էն սկսեալ, Ազգ. Քա­րէն Եփ­փէ Ճե­մա­րա­նի շրջափակին մէջ Հալէպի Նահանգային Խորհուրդի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն համադրմամբ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ.Առաջնորդարանը, գործակցաբար Հալէպի Առողջապահական Տնօրէնութեան հետ, կազմակերպեց պսակաձեւ ժահրին դէմ պատուաստումի եկրորդ արշաւը։
 
Արշաւին նպատակն էր օգտակար դառնալ համայնքի զաւակներուն՝ դիւրացնելու անոնց պատուաստ ստանալու գործընթացը։
 
Այս արշաւին երկու տեսակ՝ չինական եւ անգլիական պատուաստ ստացան 170 հայորդիներ եւ շրջանի բնակիչներէն շատեր։
 
Հալէպահայ Նազարէթ Մելքոնեան, որ եկած էր տիկնոջ հետ պատուաստ ստանալու ըսաւ. «Պատուաստը կարեւոր կը համարեմ իմ եւ ընտանիքիս առողջութեան համար։ Ուստի արձանագրուելով «Տիգրանեան» կենդրոն, այսօր ներկայացանք պատուաստումի։ Շնորհակալութիւն կազմակերպիչ մարմինին եւ Առողջութեան Նախարարութեան, որ անվճար տրամադրեց պատուաստը, ինչպէս նաեւ Ազգ. Առաջնորդարանին, որ Ճեմարանէն ներս նման նախաձեռնութեան կազմակերպման առիթը ընծայեց»։
 
Կարպիս Քէօշկէրեան, որ եկած էր պատուաստ ստանալու տիկնոջ եւ երեք դուստրերուն հետ ըսաւ. «Աշխատանքը կազմակերպուած է, բժիշկներ իւրաքանչիւրիս համապատասխան խորհուրդներ կուտան նախքան պատուաստումը, ուստի մտահոգիչ ոչ մէկ բան կայ։ Կը գնահատեմ աշխատանքը եւ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ բոլորին»։
 
Իսկ Նանոր Տէր Ներսէսեան՝ հալէպի պետական համալսարանի ուսողութեան ճիւղի երկրորդ կարգի ուսանողուհի, որոշ շրջան մը տատամսելէ ետք ներկայացած էր պատուաստումի՝ իր եւ ընտանիքին առողջութեան պահպանման նախանձախնդիր ըլլալով եւ վստահելով բժիշկներու խորհուրդին։
 
Արշաւը տեւեց մինչեւ յետմիջօրէի ժամը 3։00։
 
Ժիրայր Կարապետեան