Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնը Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ նշանակալից տօներէն մէկն է, որ կը յիշատակուի Սրբոց Վարդանանց տօնէն երկու օրեր առաջ։ Ղեւոնդեանց հոգեւորականները, Ղեւոնդ երէցի գլխաւորութեամբ, Վարդանանց հաւատամարտին Սուրբ Խաչով եւ Աւետարանով հայ զինուորները գօտեպնդեցին եւ իրենց հետ պատերազմի դաշտ իջնելով հաւատքի պատերազմ մղեցին:
Հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեանի, Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին նուիրուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցուեցաւ Երեքշաբթի, 22 Փետրուար 2022-ին, առաւօտեան ժամը 9.30-ին, Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: Օրուան պատարագիչն էր Արժ. Տ. Նարեկ Ա. քհնյ. Զերենցեան: Եկեղեցական աւանդութեան համաձայն Սուրբ Խորանին սպասարկեցին Թեմի Քահանայ Հայրերը:
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի հոգեպարար երգեցողութիւնը կատարեց Թեմի «Շողակաթ» երգչախումբը:
Սրբոց Ղեւոնդեանց տօնին խորհուրդը փոխանցեց Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, բնաբան ունենալով Յովհաննու Աւետարանի հետեւեալ համար. «Երբ երկրէն բարձրանամ՝ ինծի պիտի բերեմ ամէնքն ալ» (Յհ 12.32): Ան յայտնեց, թէ Քրիստոս երկինքէն իջաւ բժշկելու եւ բարձրացնելու խաւարի մէջ գտնուող մարդը եւ յաւիտենական կեանքի ճանապարհը բանալու անոր առջեւ:
Մասիս եպիսկոպոս դիտել տուաւ, որ Սրբոց Ղեւոնդեանց տօնը նուիրուած է այն հոգեւորականներուն, որոնք Աստուծոյ խօսքին եւ Սուրբ Սեղանին ծառայելու կոչում ստացած են: Հետեւաբար, այսօր տօնն է հայ հոգեւորականներուն, որոնք իրենց կեցուածքով, նուիրումով, աղօթական կեանքով, զոհողութեամբ եւ նոյնիսկ նահատակութեան գնով կը ծառայեն Ամենակալին եւ հայ ժողովուրդին, ինչպէս կը պարզուի մեր պատմութեան էջերուն մէջ: Սրբազան Հայրը յայտնեց, թէ եկեղեցին առաւել կը պայծառանայ, հոգեւորականներուն մատուցած Պատարագով եւ հաւատացեալ ժողովուրդին մասնակցութեամբ:
Ան հաստատեց, թէ հոգեւորականին ծառայութիւնը կը սկսի Ս. Խորանին ծառայելով եւ կը շարունակուի մկրտարանով: Այլ խօսքով, հոգեւորականը հաւատացեալները դէպի Քրիստոս առաջնորդող Աստուծոյ խօսքին թարգմանն է, որ կը հասնի թէ’ ողջերուն, եւ թէ’ մահացածներուն:
Սրբազան Հայրը իր խօսքի աւարտին, Սրբոց Ղեւոնդեանց տօնին առիթով շնորհաւորեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը, Թեմի Միաբան Հայրերը՝ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանը, Քեսապի Հոգեւոր Տեսուչ Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեանը, Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեանը, Գամիշլիի Հոգեւոր Հովիւ Արժ. Տ. Պսակ քհնյ. Պէրպէրեանը, Լաթաքիոյ եւ ծովափնեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն քհնյ. Քէօշկէրեանը եւ Հալէպի մէջ ծառայող քահանայ հայրերը, մաղթելով բոլորին ուժ եւ կորով՝ շարունակելու իրենց նուիրական առաքելութիւնը:
Պատարագէն ետք, Սրբազան Հօր նախագահութեամբ, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երջանկայիշատակ հայրապետներու եւ հանգուցեալ միաբաններու, ինչպէս նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի ննջեցեալ հոգեւորականներու հոգիներուն խաղաղութեան համար: Սրբազան Հայրը «Հոգւոցն Հանգուցելոց» աղօթքը արտասանելով հայցեց, որ Տէրը լոյսերու մէջ պահէ անոնց հոգիները եւ երկնքի արքայութեան արժանացնէ:
Այնուհետեւ, հաւատացեալները համախմբուեցան եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս, ուր Սրբոց Ղեւոնդեանց տօնին առիթով տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում՝ Առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ հոգեւորականաց դասուն ձեռամբ: Հաւատացեալները այս առիթով իրենց բարեմաղթութիւնները փոխանցեցին Սրբազան Հօր եւ Թեմի հոգեւորականներուն: