Թուրքիոյ Ուքրանիոյ դեսպան Վասիլի Պոնտար յայտարարած է, որ Քիեւ կը պահանջէ փակել Տարտանելի նեղուցը։ «Այժմ կարեւոր է, թէ ինչ աջակցութիւն ցուցաբերել Ուքրանիոյ։ Ահա կը դիմեմ թրքական վարչակազմին՝ կը խնդրեմ, օգնէ՛ք Ուքրանիոյ։ Մենք կը պահանջենք Տարտանելի նեղուցի փակում։ Մենք կը փափաքինք, որ պատժամիջոցներ սահմանուին ռուսական կողմին դէմ։ Մենք կը պահանջենք այստեղ գտնուող ռուսական գործիչներու կալանում։ Աջակցութիւնը, որ կը ցուցաբերուի մեզի պաշտպանական զէնքի տրամադրումի միջոցով, նոյնպէս կարեւոր է», անոր խօսքերը մեջբերած է Yeni Şafak պարբերականը։