يشارك سيادة المطران ماسيس زوبويان، رئيس أساقفة أبرشية حلب و توابعها للأرمن الأرثوذكس، في الاجتماع الكنسي الدولي من أجل سورية، حول موضوع “الكنيسة بيت المحبة/مسيرة مشتركة”، الذي يقيمه مجلس البطاركة و الأساقفة الكاثوليك في سورية برئاسة البطريرك يوسف العبسي الجزيل الوقار، في دمشق.
تمت الجلسة الافتتاحية للمؤتمر صباح يوم الثلاثاء، ١٥ آذار ٢٠٢٢، في قصر المؤتمرات بدمشق، بحضور شخصيات رسمية و دينية وممثلين عن المنظمات والجمعيات الإنسانية.
———————
Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան, Դամասկոսի մէջ իր մասնակցութիւնը կը բերէ «Եկեղեցին Սիրոյ Տուն» խորագիրը կրող եկեղեցական-միջազգային ժողովին, որ իր տարողութեամբ առաջինն է Սուրիոյ մէջ։
 
Ժողովը կազմակերպուած է Կաթողիկէ եկեղեցիներու Խորհուրդին կողմէ եւ անոր նախագահ՝ Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եուսէֆ Ալ Ապսի Պատրիարքին։
 
Համագումարին բացման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Երեքշաբթի, 15 Մարտ 2022-ի առաւօտուն, ներկայութեամբ՝ Սուրիոյ Կրօնական Կալուածներու Նախարար դոկտ. Մուհամմէտ Ապտուլ Սաթթար Ալսեյիտին, Արեւելքի մէջ Կաթողիկէ եկեղեցիներու համախմբումի նախագահ Քարտինալ Լիոնարտէ Սանտրիին, Սուրիոյ մէջ Պապական Նուիրակ Կարտինալ Մարիօ Զենարիին, քրիստոնեայ Հոգեւոր Պետերու, միջազգային մարդասիրական յիսուն կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներու եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններու։
 
Յիշենք, որ համագումարը տեղի կ՚ունենայ երեք օրերու տեւողութեամբ եւ կը ձգտի միասնական ճիգով տկարներուն օգտակար դառնալ՝ առանց կրօնքի, համայնքի եւ դաւանանքի խտրութեան, տնտեսական ներկայ շրջափակումէն դուրս գալ, ինչպէս նաեւ սուրիական հայրենիքէն ներս քրիստոնեայ տարրին ներկայութիւնը ամրագրել։
 
Սրբազան Հայրը առիթ ունեցաւ տեսակցելու Կարտինալներուն, Պատրիարքներուն, Սուրիոյ զանազան շրջաններէն ժամանած Հոգեւոր Պետերուն, ինչպէս նաեւ միջազգային կազմակերպութիւններու պատասխանատուներուն հետ։