Հինգշաբթի, 17 Մարտ 2022-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ Ուսուցչաց տօնին առիթով, տարբեր նահանգներէ ժամանած, ուսուցչական ասպարէզի մէջ 20-ամեայ ծառայութիւն ունեցած վաստակաշատ ուսուցիչներու եւ վարչական կազմերու հետ հանդիպում մը ունեցաւ։ Այս առիթով, նախագահ Ասատ արտասանեց ճառ մը, որուն մէջ անդրադարձաւ ազգային, կրթական, քաղաքական եւ այլ կարեւոր հարցերու։ Նախագահ Ասատ ըսաւ. «Գիտութիւնը առանց բարոյականութեան կը վնասէ, իսկ առանց ազգային մտածելակերպի երկիրը կը քանդէ։ Հետեւաբար ուսուսիչը լոկ դասատու պէտք չէ ըլլայ, այլ նաեւ սերունդ դաստիարակող, ուղղող եւ անոր տիպար հանդիսացող անհատն է»։ Նախագահ Ասատ աւելցուց. «Մեր փափաքն է ունենալ դժուարութիւններու դէմ պայքարող, ո’չ անոնցմէ փախուստ տուող սերունդ։ Մենք կարիքը ունինք նախաձեռնող, գործունեայ, հաւաքական շահը հետապնդող, ո’չ անձնասէր, հարցերու լուծում գտնող, ո’չ թէ միայն ակնկալող, այլոց փորձառութիւններէն օգտնուող, ո’չ ուրիշներու հաշուոյն ապրող սերունդներու։ Մեր փափաքն է ունենալ իրենց երկրին սիրոյն զոհուող, ո’չ երկիրը զոհաբերող սերունդներ։ Ունենալ երկրին կառչող, իրենց մասնագիտութեամբ երկրին օգտակար դարձող, ո’չ գաղթի ճամբան բռնող սերունդներ»։ Նախագահ Ասատ եզրափակելով խօսքը ուղղեց ուսուցիչներուն ու ըսաւ. «Դուք գիտութեան մարգարէներն էք, սկզբունքներու պաշտպանները, մեր քաղաքակրթութեան էութիւնը եւ գոյատեւման դրդապատճառը»։