ՍԱՆԱ. – Ուրբաթ, 18 Մարտ 2022-ին, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատ, իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կատարած այցելութեան ընթացքին հանդիպում ունեցաւ Ապու Տապիի գահաժառանգ շէյխ Մուհամետ պըն Զայետ ալ Նահիան իշխանին եւ Տուպայի կառավարիչ Մուհամմետ պըն Ռաշետ ալ Մաքթումին հետ: Շէյխ Զայետ այս հանդիպումը համարեց զոյգ երկիրներու եղբայրական յարաբերութիւններու պահպանման եւ այլազան հարցերու լուծման գծով խորհրդակցելու պատրաստակամութեան արտայայտութիւն։

Ան շեշտեց, որ Սուրիոյ դերը էական է արաբական անվտանգութեան համակարգի պահպանման մէջ, այս իսկ պատճառով Էմիրութիւններու պետութիւնը ջատագովն է Սուրիոյ ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման։ Իր կարգին, նախագահ Ասատ շեշտեց, որ Էմիրութիւններու դերը տարածաշրջանային հարցերու լուծման մէջ կարեւոր է, որովհետեւ ան հաւասարակշռուած քաղաքականութիւն կը վարէ ոչ միայն արաբական, այլեւ միջազգային հարցերու պարագային։