Շաբաթ, 19 Մարտ 2022-ին, Սուրիոյ Նախագահ Պաշշար ալ Ասատ հանդիպում ունեցաւ «Եկեղեցին Սիրոյ Տուն» խորագիրը կրող համագումարի մասնակիցներուն հետ, «Էպլա» պանդոկի համագումարներու սրահէն ներս։
Հանդիպումին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մասիս Սրբ. Եպս. Զօպուեան։
 
Նախագահ Ասատ համագումարի մասնակիցներուն հետ իր զրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ դաւանանքին կողքին կարեւոր է նաեւ հասարակութեան կենցաղային վիճակի բարելաւման նպաստելը: Հետեւաբար, համագումարը իր եկեղեցական եւ հասարակական բնոյթով քանի մը ուղերձ կը յղէ, յատկապէս շեշտելով, որ կրօնական եւ ընկերային հաստատութիւններուն դերը Սուրիոյ մէջ չի սահմանափակուիր միայն կրօնական ծառայութեամբ, այլեւ կ՚ընգրկէ հասարակական կեանքին նպաստելու անոնց կառուցողական դերակատարութիւնը։ Անոնք առանց խտրութեան օժանդակութիւն կը տրամադրեն բոլորին եւ կը վկայեն, որ Սուրիոյ մէջ քրիստոնեայ քաղաքացին հիւր չէ, ո՛չ ալ ժամանակաւորապէս այստեղ կայք հաստատած քաղաքացի։ Ան գործակից է։ Իսկ գործակցութիւնը կ՚արտայայտուի աշխատանքով ու արտադրութեամբ:
 
Նախագահը շեշտեց նաեւ, որ քրիստոնեաները այս շրջանէն գաղթի մղելը հիմնական նպատակն է արտաքին ուժերու, յատկապէս Իսրայէլի, տարածաշրջանին գծով վարած քաղաքականութեան ու ծրագիրներուն, որովհետեւ շրջանի երկիրները համայնքային եւ տարբեր գոյնի փոքր երկիրներու վերածելով, Իսրայէլի ներկայութիւնը նոյն շրջանին մէջ կը դառնայ օրինական: Հետեւաբար, հարկ է պահել մեր երկրի ընկերութեան գունեղ եւ միասնական դրուածքը:
 
Հանդիպումի ընթացքին, քրիստոնեայ եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը եւ համագումարի մասնակիցները առիթ ունեցան մօտէն տեսակցելու վսեմաշուք Նախագահին հետ եւ զանազան հարցեր քննարկելու։
 
Յիշենք, որ երեք օրերու վրայ երկարող «Եկեղեցին Սիրոյ Տուն» խորագիրով համագումարը, որ կազմակերպուած էր Սուրիոյ Կաթողիկէ եկեղեցիներու Խորհուրդին կողմէ, իր աշխատանքները աւարտեց Հինգշաբթի 17 Մարտ 2022-ին, ընդհանուր յայտարարութեամբ մը, ուր լայն գիծերու մէջ կոչ կ’ուղղուի մարդասիրական կազմակերպութիւններուն ճամբով Սուրիոյ տարածքին մարդասիրական ծառայութիւնը շարունակել՝ քրիստոնեաներուն եւ ոչ քրիստոնեայ մեր եղբայրներուն օժանդակելու համար, երիտասարդ տարրը ներգրաւելով մարդասիրական աշխատանք ծաւալող մարմիններուն մէջ: