Երեքշաբթի, 22 Մարտ 2022-ին, Սուրիոյ Նախարարներու Խորհուրդի պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Սուրիոյ մէջ ամառնային ժամանակացոյցը պիտի գործադրուի Ուրբաթ, 25 Մարտ 2022-ի կէս գիշերուան ժամը 00:00-ին, իսկ յաջորդ ձմեռնային ժամանակացոյցը պիտի գործադրուի յառաջիկայ Հոկտեմբեր ամսուն վերջին Ուրբաթ օրը։ Նախարարներու Խորհուրդի որոշումին համաձայն, Ուրբաթ, 25 Մարտ 2022-ի կէս գիշերուան ժամը 00:00-ին ժամացոյցի սլաքները 1 ժամ առջեւ պէտք է տանիլ։