Երեքշաբթի, 22 Մարտ 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ժողովուրդը մեծ հետաքրքրութեամբ հետեւեցաւ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատին Իմարաթ այցելութեան։ Իմարաթցի քաղաքական գործիչներ յայտնեցին, որ սոյն այցելութիւնը պատմական իրադարձութիւն մըն է, որ արաբական երկիրներուն ամբողջական գործակցութիւնը պիտի վերականգնէ։ Իմարաթցի քաղաքական եւ ռազմավարական հարցերու մասնագէտ դոկտ. Մուհամէտ Մասաուտ Ահպապի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ ՍԱՆԱ-ի թղթակիցին յայտնեց. «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ Ասատի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու այցելութիւնը մեծ նշանակութիւն ունի։ Այցելութիւնը կը շեշտէ արաբական աշխարհին մէջ Սուրիոյ նախկին առաջատար դիրքի վերականգնումին անհրաժեշտութիւնը։ Բոլոր կողմերը պէտք է իրենց կարելին ի գործ դնեն Սուրիոյ վերականգնումի աշխատանքներուն վերսկսելու եւ Սուրիոյ մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար։ Այս իրականացնելու համար անհրաժեշտ է զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն գոյութիւնը վերացնել սուրիական հողերէն, որովհետեւ անոնց ներկայութիւնը կը խոչընդոտէ վերականգնումի աշխատանքները եւ ողջ տարածաշրջանի խաղաղութեան կը սպառնայ» ։