Կիրակի, 24 Ապրիլ 2022-ին, Սուրիոյ Նախագահութեան պաշտօնական կայքէջը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ եւ Սուրիոյ Առաջին Տիկինը այցելեցին Սէյտնայա վանքը։

Անոնք շնորհաւորեցին վանքի դպրուհիները եւ որբերը Ս. Յարութեան տօնին առիթով։

Նախագահ Ասատ եւ Առաջին Տիկինը այցելելցին նաեւ Այա Սոֆիա եկեղեցւոյ թանգարանը եւ ծանօթացան հոն գտնուող պատմական ձեռագիրներուն եւ սրբապատկերներուն։