ՀՀ ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեան 26 Ապրիլին ընդունած է Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան Ժողովրդական ժողովի Սուրիա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամական խումբի նախագահ Լիւսի Իսկէնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը:

Ողջունելով հիւրերը՝ ՀՀ ԱԺ նախագահը կարեւոր համարած է բարեկամ Սուրիոյ հետ պատմական եղբայրութիւնը եւ բազմաբեւեռ կապերու առկայութիւնը՝ ընդգծելով սուրիահայ համայնքի գործուն դերակատարութիւնը: Անդրադառնալով Սուրիոյ խորհրդարանի մէջ հայազգի պատգամաւորներու ներկայութեան՝ Ալեն Սիմոնեան ողջունած է անոնց ներդրումը նաեւ Հայաստանի հետ բարեկամական խումբին մէջ:

Սուրիա-Հայաստան բարեկամական խումբի ղեկավարը, շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար, ՀՀ ԱԺ նախագահին փոխանցած է Սուրիոյ Ժողովրդական ժողովի նախագահ Համուտէ Սապպաղի ուղերձը, որ կը վերահաստատէ խորհրդարաններու միջեւ ձեւաւորուած փոխվստահութիւնն ու գործակցութիւնը:

Կողմերը անդրադարձած են Հայաստանի եւ Սուրիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակին՝ շեշտելով երկու երկիրներու խորհրդարաններու միատեղ ծրագիրներու կեանքի կոչումը: Փոխշահաւէտ գործակցութեան հիմքերու ամրապնդման գործին մէջ երկուստեք արձանագրուած է միջխորհրդարանական գործակցութիւնը:

Հանդիպումին անդրադարձ եղած է տարածաշրջանի մէջ տիրող իրավիճակին, յետպատերազմեան Արցախին, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ մէջ հայ խաղաղապահներու իրականացուցած առաքելութեան:

Հանդիպումի աւարտին սուրիացի գործընկերները յիշած են իրենց երկրին մէջ տարածուած ժողովրդական ճշմարտութիւնը, որ հաւատարմութեան հաւատարմութեամբ կը պատասխանեն՝ ընդգծելով, որ անիկա ի յայտ եկած է հայերու եւ սուրիացիներու խաղաղասիրութեան եւ փոխվստահութեան հետեւանքով: