Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, կազմակերպութեամբ Ազգային միջնակարգ եւ երկրորդական վարժարանի տնօրէնութեան, Հինգշաբթի, 28 Ապրիլ 2022-ին տեղի ունեցաւ աշակերտական ձեռնարկ մը նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցին։ Ձեռնարկը պատրաստութիւնը ստանձնած էր վարժարանի հայերէնաւանդ ուսուցչուհի Զարուկ Թովմասեան- Արոյեան։ Հանդիսութեան ներկայ էին հոգեշնորհ հայր սուրբը, հոգաբարձութեան կազմը, վարժարանի տնօրէնութիւնը, տեսուչներն ու ուսուցիչները։
Բացումէն ետք, ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը Հայոց Ցեղասպանութեան, Հայաստանի, Արցախի եւ Սուրիոյ նահատակներուն։ Ապա յաջորդաբար աշակերտները բեմ բարձրացան ներկայացնելով հայերէն եւ արաբերէն լոզունքներ, բանաստեղծութիւններ, որոնց ընդմէջէն կ՚արտացոլար հայոց կոտորածն ու վիշտը, պոռթկումն ու զարթօնքը, ինչպէս նաեւ պահանջատիրական երթը։
Պարոյր Սեւակի, Սիամանթոյի Յովհաննէս Շիրազի քերթուածները կեանք առին աշակերտներուն շրթներուն վրայ։ Գեղարուեստական յայտագիրը ընդգրկեց նաեւ մեներգ եւ խմբերգներ նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած նահատակներուն։
Աշակերտները պատարստած էին տեսագրութիւն մը, որուն մէջ արաբերէն լեզուով մեկնաբանած էին հայոց Ցեղասպանութեան դրդապատճառները, հետեւանքները, ապա նաեւ Տէր Զօրի նահատակած եկեղեցւոյ կառուցումն ու Սուրիոյ պատերազմի ընթացքին անոր հիմնայատակ քանդումը ահաբեկչական խմբաւորումներու կողմէ։
Տեսագրութեան մէջ անդրադարձ կատարուած էր նաեւ այս ամսուան ընթացքին Նահատակած եկեղեցւոյ փլատակներուն վրայ մատուցուած Ս. եւ Անմահ Պատարագին եւ Արամ Ա. Վեհափառ հայրապետին պատգամին։ Հոգեշնորհ հայր սուրբը իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց ձեռնարկը ներկայացնող ու պատրաստող աշակերտներն ու հայերէնաւանդ ուսուցչուհին։
Բեմէն բարձրացող ձայները ուղերձ էին համայն մարդկութեան, որ հայութիւնը կը շարունակէ պահանջել իր խլուած իրաւունքները եւ վճռած է պայքարիլ մինչեւ որ արդարութիւնը իր վերջնական խօսքը հնչեցնէ։
Բժշկհ. Մարի Մելքոն