Կիրակի, 8 Մայիս 2022-ին, Սուրիոյ Նախագահութեան պաշտօնական կայքը հաղորդեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ մեկնեցաւ Թեհրան, ուր զոյգ հանդիպումներ ունեցաւ Իրանի իսլամական յեղափոխութեան ղեկավար Այաթուլլահ Սեյիտ Ալի Խամինաիի եւ Իրանի Նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի հետ։

Հանդիպումներուն ընթացքին, կողմերը զրուցեցին Սուրիոյ եւ Իրանի պատմական յարաբերութիւններուն եւ երկարատեւ գործակցութեան, տարածաշրջանային եւ միջազգային գետնի վրայ արձանագրուած վերջին զարգացումներուն եւ երկու երկիրները հետաքրքրող այլազան հարցերու շուրջ։

Սեյիտ Խամինաիի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին, նախագահ Ասատ շեշտեց, որ Սուրիոյ եւ Իրանի որդեգրած քաղաքականութիւնը անգամ մը եւս փաստեց իր արդիւնաւէտութիւնը, յատկապէս ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ոլորտին մէջ։

Այս կը շեշտէ Սուրիոյ եւ Իրանի գործակցութեան շարունակականութեան կարեւորութիւնը, որպէսզի ԱՄՆ-ին առիթ չտրուի «միջազգային ահաբեկչական շարժում» վերակազմելու եւ ողջ աշխարհին վնասելու։ Նախագահ Ասատ աւելցնելով ըսաւ, որ ներկայիս ԱՄՆ իր ամենատկար վիճակին մէջ է։

Իր կարգին Սեյիտ Խամինաի շեշտեց, որ Իրան պիտի շարունակէ Սուրիոյ աջակցիլ մինչեւ սուրիական հողերուն ամբողջական ազատագրումն ու ահաբեկչութեան վանումը՝ շնորհիւ Սուրիոյ ղեկավարութեան, բանակին եւ ժողովուրդին։ Սէյիտ Խամինաի աւելցուց. «Կասկած չունինք, որ պիտի յաջողիք սուրիական մնացեալ բռնագրաւուած հողերը ազատագրել։

Սուրիոյ եւ Իրանի յարաբերութիւնը պէտք է շարունակուի, որովհետեւ ան դրական ազդեցութիւն ունի ոչ միայն երկու երկիրներուն, այլեւ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն վրայ»։ Իր կարգին Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի շեշտեց, որ Իրան կը ձգտի Սուրիոյ հետ յարաբերութիւնը զարգացնելու, յատկապէս տնտեսական եւ առեւտրական ոլորտներուն մէջ, ինչ որ մասամբ պիտի մեղմացնէ Սուրիոյ ժողովուրդին տառապանքը, երկրին մէջ տիրող տնտեսական դժուար պայմաններուն լոյսին տակ։

Նախագահը աւելցուց, որ Իրան պիտի շարունակէ Սուրիոյ իր զօրակցութիւնը, որովհետեւ Սուրիոյ պայքարը, պայքարն է նաեւ Իրանի։

Իր կարգին, նախագահ Ասատ Իրանը բնութագրեց որպէս Սուրիոյ եղբայր եւ հաւատարիմ բարեկամ։

Ան շեշտեց, որ Իրանի որդեգրած քաղաքականութիւնը եւ միջազգային հարցերու հետ վերաբերմունքը ոչ միայն դրական ազդեցութիւն կ՚ունենան Իրանի եւ Սուրիոյ, այլեւ տարածաշրջանի բոլոր երկիրներուն վրայ։