Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններէն օր մը ետք` 16 Մայիսին կարելի եղաւ յստակացնել արդիւնքները, որոնց հիման վրայ յաջողութիւն արձանագրեցին եւ ընտրուեցան Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ առաջադրուած թեկնածուներ Յակոբ Բագրատունի (ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ)` Մեթն, Յակոբ Թերզեան` Պէյրութ Ա., Ճորճ Պուչիքեան` Զահլէ:
 
Արդարեւ, Լիբանանի մէջ որդեգրուած ընտրական «չքնաղ» օրէնքին հետեւանքով երէկ կէսօրէ ետք շրջանառութեան մէջ դրուեցան լուրեր, թէ Լեռնալիբանանի Բ. ընտրաշրջանին` Մեթնի մէջ յաղթանակ արձանագրած չորս ընտրացանկերէն` ՀՅ Դաշնակցութեան եւ Միշէլ Մըրի «Միասին զօրաւոր» ընտրացանկէն, Ազգային ազատ հոսանք, Փաղանգաւոր եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւններուն ընտրացանկերէն բացի, կայ հինգերորդ ընտրացանկ մը` «Նահուա Տաուլա»-ն, որ կրնայ անցողիկ շեմը ապահովել:
 
Մինչ այդ, օր մը առաջ` առաւօտեան կանուխ ժամերուն, յստակ դարձած էր, որ ութ երեսփոխաններ ընդգրկող Մեթնի ընտրաշրջանին մէջ ընտրուած են ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի` (հայ առաքելական), Միշէլ Մըր եւ Էլիաս Պու Սաապ (յոյն ուղղափառ), Մըլհեմ Ռիաշի (յոյն կաթողիկէ), Սամի Ժեմայէլ, Էլիաս Հանքաշ, Իպրահիմ Քանաան եւ Ռազի Հաժ (մարոնի):
 
Հետեւաբար, «Նահուա Տաուլա» ընտրացանկին անցողիկ շեմը ապահովելու պարագային, անոր մարոնի թեկնածուն` Ժատ Ղոսընը կրնար երեսփոխան ընտրուիլ` մարոնի աթոռը զբաղեցնելու համար:
 
Ընտրական օրէնքին հիման վրայ ճշդուած այս քայլը պիտի նշանակէր` Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ընտրուած երեսփոխան Ռազի Հաժի ձախողութիւնը, եւ ինքնաբերաբար Լիբանանեան ուժերուն պիտի ընծայէր երկրորդ երեսփոխան մը ունենալու կարելիութիւնը: Երկրորդ երեսփոխանը այս պարագային պիտի ըլլար Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան առաջադրած հայ թեկնածուն, ինչ որ պիտի նշանակէր Յ. Բագրատունիի ձախողութիւնը:
 
Լիբանանահայութիւնը սպասողական վիճակի մատնած այս կացութիւնը տեւեց շուրջ ութ ժամ, որոնց ընթացքին Ժտէյտէի Արդարութեան պալատին մէջ դարձեալ քուէահամար կատարուեցաւ կարգ մը քուէատուփերու, որոնք ընդգրկեցին Սին էլ ֆիլի, Պաուշրիէի եւ Պիսքանթայի քուէատուփերը:
 
Տուեալ ընտրաշրջանի խնդրոյ առարկայ քաղաքական ուժերը իրենց իրաւաբաններով եւ վստահուած անձերով ներկայութիւն դարձան Ժտէյտէի Արդարութեան պալատին մէջ, եւ յանկարծ երեկոյեան ժամը 7:50-ին յայտարարուեցաւ Ղոսընի յաղթանակը, որ, թէեւ իրարանցումի մատնեց լիբանանահայ գաղութի զաւակները, սակայն իր իսկութեան մէջ անպաշտօն էր: