“Երկիր”._Եւրոպական դիւանագիտութեան ղեկավար Ժոզէֆ Պորել յայտարարած է, որ ԵՄ-ը պատրաստ է սերտօրէն աշխատելու Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին հետ՝ Հարաւային Կովկասի մէջ անվտանգութեան, խաղաղութեան եւ կայունութեան հասնելու համար։
 
«ԵՄ-ը ուշադիր կը հետեւի իրավիճակին եւ հաւատարիմ կը մնայ Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին հետ իր գործակցութեան խորացումին՝ լարուածութիւնը կարգաւորելու եւ անվտանգ, կայուն, խաղաղ եւ բարգաւաճ Հարաւային Կովկասի կառուցման համար սերտօրէն գործակցելու ուղղութեամբ՝ ի շահ բոլոր մարդոց, որոնք կ’ապրին այդ տարածաշրջանին մէջ», ըսած է Պորել, որուն խօսքերը ներկայացուած են Եւրոխորհրդարանի կայքին վրայ։
 
Դիւանագէտը դիտել տուած է, որ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլ վերջերս Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներուն հետ հանդիպումի ընթացքին ընդգծած է երկու կողմերու մարդասիրական առիթներու կարեւորութիւնը՝ վստահութիւն ստեղծելու եւ խաղաղ գոյակցութիւն ապահովելու համար։
 
«Երկու ղեկավարները փափաք յայտնած են արագօրէն ուղղելու դէպի իրենց երկիրներուն միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրը։ Բացի բարձր մակարդակի յարաբերութիւններէն, ԵՄ-ը կանոնաւոր երկխօսութիւններ վարած է մարդու իրաւունքներու հարցերուն շուրջ երկու երկիրներուն հետ համապատասխանաբար, որոնց ընթացքին դիտարկուած են հակամարտութեան մարդասիրական կողմերը», ըսած է Պորել։