Երեքշաբթի, 24 Մայիս 2022-ին, Սուրիոյ կրօնական կալուածներու նախարար դոկտ. Շէյխ Մուհամէտ Ապտուլ Սաթթար ալ-Սեյիտ ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետն ու իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը։
 
Կողմերը խորհրդակցեցան հասարակութեան մէջ քրիստոնէութեան եւ Իսլամութեան միացեալ սկզբունքներուն եւ հիմքերուն ամրապնդման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանին մէջ քրիստոնեաներուն եւ իսլամներուն միջեւ բարեկամական յարաբերութեան զարգացման միջոցներուն շուրջ։
 
Անոնք անդրադարձան նաեւ սուրիահայութեան ունեցած կարեւոր դերակատարութեան Սուրիոյ պատմութեան, ներկային եւ ապագայի կերտման մէջ։