Երկուշաբթի, 30 Մայիս 2022-ին, ՍԱՆԱ հաղորդեց, որ թրքական ուժերուն իրարայաջորդ յարձակումներուն հետեւանքով, Հասիչէի հիւսիս արեւմտեան արուարձանի Ապու Ռասին շրջանին մէջ աւելի քան 130 ընտանիք տեղահանուեցան դէպի Թալ Թամրի եւ անոր յարակից ապահով շրջաններ։
Աղբիւրը աւելցուց, որ թրքական ուժերը կը շարունակեն իրենց ոտնձգութիւնները Հասիչէի արուարձանին մէջ եւ բնակիչներուն տեղահանութեան պատճառը կը դառնան։