Երկուշաբթի, 6 Յունիս 2022-ին, «Ուաթան Անլայն» հաղորդեց, որ Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար, միջազգային մարդասիրական օրէնքի սուրիական ազգային յանձնախումբի նախագահ դոկտ. Պաշշար ալ Ճաաֆարի Կարմիր Մահիկ եւ Միջազգային օրէնքի սուրիական յանձնախումբերուն կազմակերպած աշխատանքային օրուան բացումին յայտնեց, որ Սուրիա աշխարհի առաջատար երկիրներէն մէկն է միջազգային մարդասիրական իրաւունքի իրազեկման բարձրացման առումով՝ աւելցնելով. «Մենք Սուրիոյ մէջ քայլ մը առաջ ենք այս ոլորտին մէջ»:
Ճաաֆարի դիտել տուաւ, որ Սուրիա կ’աշխատի միջազգային մարդասիրական իրաւունքի կիրարկման,տարածման եւ Սուրիոյ ազգային օրէնսդրութեան հետ մերձեցման համար: