Դաւիթ իր ապաշխարութեան ընթացքին շատ լացաւ եւ իր Սաղմոսները հեծկլտուքով, արցունքով եւ տխրութեամբ լեցուեցան՝ իր կատարած մեղքերուն համար։ Ապաշխարութեան սաղմոսներէն մէկուն մէջ ան կ’ըսէ. «Հեծեծելէն յոգնեցայ, ամէն գիշեր ես լացով լուացի իմ մահիճս, եւ իմ արցունքներովս թրջեցի անկողինս» (Սղ 6.6)։ Աստուածաշնչական ուրիշ հատուածի մը մէջ մարգարէն հետեւեալը կը գրէ. «Երանի՜ թէ գլուխս՝ ջուրի ու աչքերս արցունքի աղբիւր ըլլային, որպէսզի ցորեկ ու գիշեր լայի իմ ժողովուրդիս աղջկան սպաննուածներուն համար» (Եր 9.1)։
Սուրբ Յովհաննէս Սանդխեցին կ’ըսէ. «Լացող աչքը նորոգող աւազան է ապաշխարութեան մկրտութեան համար»։ Կարծէք աչքը մկրտութեան աւազան կը դառնայ, որմէ հոսող արցունքը հոսելով սիրտին վրայ կը մաքրէ զայն։ Եւ մենք կ’աղօթենք՝ ըսելով. «Տուր մեզի Տէ՜ր, բազում արցունքի աղբիւրներ, ինչպէս տուիր մեղանչող կնոջ, եւ արժանի դարձուր զիս, որ անոնցմով թրջեմ սուրբ ոտքերդ, որոնք զիս կորուստի ճամբէն ետ դարձուցին։ Ո՛վ Աստուած, կ’ուզեմ ոտքերդ լուալ արցունքներովս»։
Երբ մարդ իրապէս այս աղօթքը աղօթելով իր շուրջը արցունքներով կը թրջէ Դաւիթ մարգարէին հետ ըսելով՝«Ամէն գիշեր ես լացով  լուացի իմ մահիճս» (Սղ 6.6), ապա կը նշանակէ, որ անիկա սրտանց, անկեղծութեամբ ու հարազատութեամբ ապրած եղաւ ապաշխարութեան կեանքը, այլեւ շարունակ ապաշխարութիւնը կ’ապրի ու կը կիրառէ իր կեանքին մէջ։ Սուրբ Անտոն Անապատականը կը թելադրէ՝ ըսելով. «Ճրագդ աչքիդ արցունքներովը լեցուր», իսկ Ս. Մովսէս (Խափշիկը) Եթովպացին կ’ըսէ. «Որքան որ մեր կարելիութիւնը կը ներէ, պէտք է որ արցունքով աշխատինք Աստուծոյ առջեւ, որպէսզի ան իր անսահման գութով ողորմի մեզի, որովհետեւ անոնք որ արցունքով կը ցանեն՝ ուրախութեամբ ալ կը հնձեն։
ԱՊԱՇԽԱՐՈՒԹԵԱՆ ՈՒՐԱԽՈՒԹԻՒՆԸ
Հաւանական է հանդիպիլ մէկու մը, որ լերան մը չափ մեղքեր գործած ըլլայ եւ նստելով խոստովանահօր քահանային մօտ բացայայտէ իր կատարածները խուլցնելու անոր ականջը եւ արձակում ստանայ։ Եւ ապա ուրախ դուրս գայ իբրեւ թէ բան մը ըրած չըլլար։ Արդեօք ասիկա՞ է ապաշխարութիւնը։ Ո՞ւր են մեղքերուն համար թափուած արցունքը, լացը, սուգն ու տրտմութիւնը։ Որովհետեւ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Տրտմութիւնը ծիծաղելէն աղէկ է, վասն զի երեսին տրտմութիւնովը սիրտը կը զուարճանայ» (Ժղ 7.3), իսկ մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս կ’ըսէ. «Երանի՜ սգաւորներուն, որովհետեւ անոնք Աստուծմէ մխիթարութիւն պիտի գտնեն» (Մտ 5.4)։
Երանի՜ որ, երբ զգանք թէ որեւէ բանով Աստուծոյ հայրական սիրտը խոցեցինք եւ զայն նեղացուցինք, հեռանանք զուարճութեան, խնդուքի, կատակելու եւ արտաքին ուրախութեան հոգիէն։ Չաճապարենք ուրախանալու, որովհետեւ ուրախութիւնը պիտի հասնի քեզի, ինչպէս առիթով մը Յիսուս ըսաւ իր աշակերտներուն. «Բայց ես կրկին պիտի տեսնեմ ձեզ եւ ձեր սիրտերը ուրախութեամբ պիտի լեցուին, ուրախութեամբ մը՝ որ ոչ ոք պիտի կարենայ խլել ձեզմէ» (Յհ 16.22), սակայն այդ ուրախութիւնը կու գայ տրտմութեան եւ սուգին միջոցաւ. «Լա՛ւ գիտցէք, թէ դուք պիտի լաք եւ ողբաք, բայց աշխարհը պիտի ուրախանայ. դուք պիտի տրտմիք, բայց ձեր տրտմութիւնը ուրախութեան պիտի փոխուի» (Յհ 16.20)։
Ձեր ուրախութիւնը թող որ ներքին տրտմութեան մէջէն ծնի, այլապէս ձեր տրտմութիւնը ուրախութեան մէջէն պիտի ծնի։ Ինչպէս Դաւիթ ըսաւ ապաշխարութեան սաղմոսին մէջ. «Փրկութեանդ ցնծութի՛ւնը տուր ինծի, եւ քու կամքիդ հնազանդ հոգի մը դիր իմ մէջս» (Սղ 51.12)։
Եթէ մարդ արտաքին ուրախութիւնը ապրեցաւ այն ժամանակ՝ երբ ան պէտք էր լար, ապա անսպասելի արագութեամբ ինքզինք տրտմութեան մէջ պիտի գտնէ։ Սակայն, եթէ մարդ իր կատարած մեղքերուն համար լայ, զղջայ ու ապաշխարէ, այդ ժամանակ կը գիտնայ իսկական ուրախութեան իմաստը եւ փրկութեան ցնծութիւնը, ինչպէս Պօղոս առաքեալ կ’ըսէ. «Միշտ ուրախ եղէք Տիրոջմով. դարձեալ կ’ըսեմ՝ ուրախ եղէք» (Փլպ 4.4)։ Եւ «Տիրոջմով» արտայայտութիւնը մեզի կը վստահեցնէ, թէ այս ուրախութիւնը կը բխի Սրբութեան կեանքէն, Քրիստոս Աստուծմով ապրուած սուրբ կեանքին ընդմէջէն կը բխի։
Մեղաւոր մարդը իրաւունք չունի ուրախանալու, բայց այն մարդը, որ Քրիստոսի հետ ճաշակած է յաղթութեան քաղցրութիւնը, ան է որ կ’ուրախանայ ու յարութեան ուրախութիւնը կը ներգործէ իր կեանքին մէջ։ Եւ ի՞նչ է յարութիւնը եթէ ոչ՝ մեղքին ու մահուան վրայ յաղթանակ տանիլը։
Եւ ասով մենք ըսել չենք ուզեր, որ մարդ շարունակ տրտմութեամբ  պէտք է ապրի եւ այդ տրտմութիւնը արտացոլացնէ իր շուրջիններուն վրայ, ընդհակառակը՝ հարկաւոր է, որ ան ուրախանայ յաղթանակով։
շար. 15
Թարգմանեց՝
Լեւոն Վրդ. Եղիայեան