Արաս հրատարակչատունը երախտաշատ աշխատանք կը տանի, ոչ միայն հրատարակելով, այլ եւ թարգմանելով իսթամպուլահայ գրողներու գործերը՝ թրքերէնէ հայերէն, կամ հայերէնէ թրքերէն:
Քիչ մը բան գիտնալով Թուրքիոյ ներքին քաղաքականութեան մասին, կասկածով կը մօտենամ այս թարգմանութիւն-հրատարակութիւններու հարցին: Օրինակ՝ Ֆէրման Թորոսլարի, կամ Ֆէրման Թորոսեանի գիրքը կարդացողները որո՞նք են՝ թրքահայե՞ր, թէ՞ նաեւ թուրքեր, որովհետեւ մեզի համար այնքան հազուադէպ բան է արժանանալ վեց հրատարակութիւններու, ինչպէս արժանացեր է Թորոսլարի «Աքսոր» գիրքը: Կը յիշեմ Լեւոն Զաւէն Սիւրմէլեանի «Լոյս Զուարթ»-ը, որ երեք հրատարակութիւններու արժանացեր էր, երբ ինք տակաւին շատ երիտասարդ էր: Անշուշտ այստեղ նկատի չեմ առներ Սովետական Հայաստանի մէջ հրատարակուած գիրքերուն տպաքանակը, սակայն հոն եւս բազմաթիւ չեն քանի մը հրատարակութիւններու արժանացած գիրքերը:
Ի՞նչ  է գաղտնիքը:
Արաս հրատարակչութեան կարգախօսն է «Պատուհան՝ դէպի հայ գրականութիւն». կը նշանակէ, որ անոր գլխաւոր թիրախը թրքահայութիւնն է, որ հայ գրականութիւն կարդալու չափ հայերէն չի գիտեր:
Ասիկա կը հաստատուի Արասի կայքէջին դրուած հետեւեալ բացատրութեամբ.
«Այն ստեղծուեր է որպէս Թուրքիոյ հայերու մշակութային ժառանգութիւնը ապագայ սերունդներուն կապելու կամուրջ»:
Կ’ըսուի նաեւ, թէ «1993-ին Հրանդ Տինքի, Մկրտիչ Մարկոսեանի եւ Եդուարդ Թովմասեանի հիմնադրած «Արաս» հրատարակչատունը երկրին մէջ (Թուրքիոյ) հայերէն եւ թրքերէն գիրքեր հրատարակող միակ հրատարակչատունն է»:
Թուրքիոյ պետութիւնը, որ այնքան խիստ է հայերուն հանդէպ, ինչպէ՞ս արտօնած է, որ «հայերու մշակութային ժառանգութիւնը» գեղեցկօրէն հրատարակուի եւ տարածուի, հասկնալի չէ, մանաւանդ որ հրատարակչատունը «կը տպագրէ նաեւ հայոց պատմութեան, ազգագրութեան, ժողովրդական նիստուկացին վերաբերող ուսումնասիրութիւններ»:
Երբ կը կարդանք Արասի հրատարակած գիրքերու ցանկը, չենք կրնար մեր զարմանաքը զսպել, երբ այդ ցանկին մէջ կը գտնենք օրինակ Զապէլ Եսայեանի «Աւերակներու Մէջ» գիրքը:
2017 թուականին Գանատայի «Հորիզոն» թերթը հարցազրոյց մը ունեցած է Արաս հրատարակչատան տնօրէն Ռոպէր Քոփթաշի հետ, որ կ’ըսէ.
«Թուրքիոյ մէջ եթէ հայ էք, առաւել եւս մտային աշխատանք կը տանիք՝ բոլոր շրջանները դժուար են»: Սակայն Արասէն առաջ Ռագըպ Զարաքօլու հիմնած էր «Պելկէ» հրատարակչութիւնը, որուն հրատարակած Թաներ Աքչամի առաջին գիրքը՝ «Հայոց Ցեղասպանութիւնը եւ Մարդկային Իրաւունքներու Հարցը», 1994 թուականին կարծէք ճամբայ հարթած էր Արասի համար:
Արասը հրատարակելով Ցեղասպանութեան զոհ դարձած հեղինակներու գործերը, կարծէք կ’ուզէ անուղղակիօրէն Թուրքիոյ մէջ ապրողներուն՝ թուրքերուն եւ քիւրտերուն անդրադարձնել, որ «այս երկրին մէջ, այս հողերուն վրայ հայերն ալ կային եւ կորսուեցան» եւ ձեւով մը մղել զիրենք, որ հարցադրումի ենթարկեն Թուրքիոյ ուրացումը Ցեղասպանութեան:
Այս առիթով կ’արժէ յիշել վերջերս մահացած իսթամպուլահայ գիւղագիր Մկրտիչ Մարկոսեանի յիշած մէկ մանրապատումը.
«Մեծ համագումարի մը կը մասնակցէի եւ խօսքիս մէջ նման հարցում մը ըրի՝ «Մեր գրողները գրեթէ բոլորն ալ 1915 թուականին մահացած են, ինչպէս կը կարդանք իրենց կենսագրութիւններուն մէջ: Ասիկա շատ զարմանալի կը գտնեմ. արդեօ՞ք այդ թուականին համաճարակ մը եղած է, որուն զոհ գացեր են այդքան մեծ թիւով գրագէտներ …». Այսքանը ըսի եւ տեղս նստայ»:
Իր հարցազրոյցին մէջ եւս Քոփթաշ նման բան մը կ’ըսէ.
«Հայերը որպէս փոքրամասնութիւն, անշուշտ կային, այդ աչքով կը նայուէին, բայց այս երկրի մշակոյթին իրենց ներդրումը խօսակցութեան առարկայ չէր: Ուրեմն ատիկա մեր պաշտօնն էր նախ եւ առաջ, անոր համար աշխատեցանք»:
Քոփթաշ կ’անդրադառնայ նաեւ հրատարակչութեան ընթերցողներուն, որոնց մասին հարցադրում մը ըրեր էինք այս գրութեան սկիզբը.
«Թուրքիոյ մէջ անոնք, որոնք ազատամիտ են, ձախակողմեան են, մօտ են այս գաղափարներուն եւ ժողովրդավար հայեացք մը ունին, կ’ուզեն, որ Թուրքիան փոխուի, ասոնց մէջ մեր ընթերցողները շատ են, կան, կ’աջակցին մեզի, միշտ կը գնահատեն մեզ եւ մեր գիրքերուն մասին թրքական կայքէջերու մէջ յօդուածներ կը հրապարակեն»:
Հետաքրքրական է կարդալ, որ Արասի ամէնէն շատ սպառող գիրքերուն հեղինակը Մկրտիչ Մարկոսեանն է, որուն թրքերէն առաջին գիրքը՝ «Կեավուրի Թաղ»-ը (Կեավուր Մահալլէսի) հրատարակուած է նաեւ քրտերէնով, իսկ թրքերէնը ունեցեր է քսան հրատարակութիւն:
Եւ խորունկ ցաւով է, որ կ’անդրադառնանք թէ երբեմնի Արեւմտահայ գրականութեան կեդրոն հանդիսացող եւ այնքան մեծ անուններ կտակած Պոլիսը – այսօր արդէն Իսթամպուլ – հայերէնով ստեղծագործող քիչ անուններ ունի՝ Կարին Քարաքաշլը, որ փորձած է հայերէն ալ գրել, Ժագլին Չելիք, Վերճիհան Զիֆլիօղլու (հիմա արդէն թրքագիր), Մարգար Եսայեան, որ երեսփոխան է Մեճլիսի մէջ եւ Գէորգ Գիրգորեան, որ այլեւս շատ քիչ կը գրէ:
Հակառակ այս բոլորին, այսօր Արասը Թուրքիոյ մէջ իր վարկը ունեցող հրատարակչատուն մըն է – 2019 թուականին ճանչցուեր է որպէս «Տարուայ Հրատարակչատուն»-ը – որ իրապէ՛ս մեծ աշխատանք կը տանի սփիւռքահայ եւ արեւմտահայ գրականութիւններուն տարածման մէջ:
Այս բոլորը կը գրուին, որովհետեւ վերջերս Երեւանի մէջ լոյս տեսած է նախկին հալէպահայ, «Գանձասար»ի նախկին խմբագրուհի Մարի Մերթխանեան-Եարալեանի հայերէնի թարգմանած Ֆէրման Թորոսլարի «Աքսոր» գիրքը, որուն թրքերէն բնագիրը հրատարակուած է Արաս հրատարակչատունէն եւ որուն պիտի անդրադառնամ յաջորդիւ:
Մարուշ Երամեան