Անցեալ շաբաթ ես գրած էի Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի՝ յաջորդ տարի իր վերընտրուելուն համար թուրք ամերիկացիներէ քուէներ հաւաքելու ծրագիրներուն մասին՝ Ուաշինկթընի մէջ իր իշխող կուսակցութեան («Առաջընթաց եւ զարգացում» (ԱԶԿ)) գրասենեակ բանալով եւ իր զարմիկը՝ դոկտ. Հալիլ Մութլուն իբրեւ արձանագրուած լոպիիստ վարձելով: Էրտողան արդէն իսկ քաղաքական նախնական յաջողութիւն արձանագրած է  Միացեալ  Նահանգներու  մէջ՝  ԱՄՆ  Ծերակոյտին  համար  Փենսիլւանիոյ հանրապետականներու նախնական ընտրութիւններուն թուրք ամերիկացի դոկտ. Մեհմետ Օզի յաղթանակով:
Այս շաբաթ կը փափաքիմ տեղեկացնել նախագահ Էրտողանի՝ Ֆրանսայի մէջ ի գործ դրած քաղաքական նոյնանման ջանքերուն մասին՝ թրքական գործակալներ ներդնելով Ֆրանսայի օրէնսդիր մարմնին մէջ: Ասիկա Էրտողանի հեռահար նպատակն է 2010-էն ի վեր, երբ ան, Փարիզ կատարած այցելութեան մը ընթացքին կոչ ըրաւ Ֆրանսայի իր հայրենակիցներուն՝ քաղաքական պաշտօններ գրաւելու:
Բնականաբար, ոչ ոք կրնայ առարկել, որ թուրքերը Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ առաջադրուին քաղաքական պաշտօններու համար: Այսուամենայնիւ, երբ այսպիսի քաղաքական գործողութիւններ կը հրահրուին եւ աջակցութիւն կը ստանան օտարերկրեայ կառավարութեան մը, այս պարագային՝ Թուրքիոյ եւ անոր բռնակալ առաջնորդին կողմէ, լուրջ մտավախութիւններ կ’առաջանան այն մասին, որ քաղաքական այդ թուրք գործիչները կրնան գործիք դառնալ Էրտողանի ձեռքը՝ իր բռնակալական քաղաքականութիւնը թրքական սահմաններէն դուրս բերելու եւ հակահայկական դիրքորոշումներ քարոզելու համար։
Սթրազպուրկի մէջ գործող «Հաւասարութիւն եւ արդարութիւն» կուսակցութեան հիմնադիր Ալի Կետիքօղլու hետեւելով Էրտողանի հրամաններուն՝ «(Ֆրանսայի) 2017 թուականի օրէնսդրական ընտրութիւններուն մէջ 50 թեկնածու ներկայացուց», կը հաղորդէ Intelligence Online։ «Յայտնի է նաեւ, որ Կետիքօղլու Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար եւ ԱԶԿ-ի հիմնադիր անդամ Մեւլութ Չաւուշօղլուի մօտիկ գործընկերն է»։
12 եւ 19 Յունիս 2022-ին կայանալիք Ֆրանսայի խորհրդարանական ընտրութիւններուն համար թրքական «Մետիաթուրք» լրատուական կայքը, համագործակցելով թրքական կառավարութեան պատկանող «Անատոլու» գործակալութեան ֆրանսերէն տարբերակին հետ, առաջադրած է երեք թուրք թեկնածուներ. «Ֆրանսական եւ թրքական երկքաղաքացիութիւն ունեցող Ճելիլ Եըլմազ (Աին 5-րդ ընտրատարածք). Եալչին Այվալի (Ռոնի 14-րդ ընտրատարածք) եւ ֆրանսացի մահմետական դեմոկրատներու միութեան թեկնածու Ռամազան Կալլի (Սոն-է-Լուարի 5-րդ ընտրատարածք)»։ Երեքն ալ «ներգրաւուած են Սթրազպուրկ գտնուող Cojep ընկերակցութեան մէջ (Conseil pour la justice, l’egalite et la paix), որուն անունը կը թարգմանուի՝ Արդարութեան, հաւասարութեան եւ խաղաղութեան խորհուրդ», ըստ Intelligence Online-ի: 1985-ին ստեղծուած Cojep-ի տարեկան պիւտճէն կազմած է 300 հազար եւրօ։ Անիկա «կը պաշտպանէ շահերը Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի «թրքական «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութեան, որուն մօտ է իր ղեկավարութիւնը»:
Թեկնածու Ճելիլ Եըլմազ Cojep ընկերակցութեան նախագահն է եւ Նանթուայի (Ֆրանսայի արեւելք) նախկին քաղաքային  խորհուրդի անդամ: Cojep-ի տնօրէն Կետիքօղլու Հայոց Ցեղասպանութիւնը մոլի ժխտողներէն է Եւրոպական խորհրդարանէն ներս, ուր ան խորհրդարանի Թափանցիկութեան գրասենեակին մէջ արձանագրուած է իբրեւ լոպիիստ: Ըստ Intelligence Online-ի՝ ան նաեւ կը բնութագրուի իբրեւ «ԱԶԿ-ի լրատուական միջոցներու եւ մարդասիրական ներկայութեան շարժիչ ուժը Ֆրանսայի մէջ»:
Հաշուի առնելով ամբողջ Եւրոպայի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան լայն տարածում գտած ճանաչումը, Ցեղասպանութիւնը ժխտող թուրքերը կը դառնան եւրոպացիներու ծիծաղի առարկան, ինչպէս ԱՄՆ-ի մէջ՝ Քոնկրեսի երկու պալատներու եւ նախագահ Պայտընի կողմէ Ցեղասպանութեան ճանաչումէն ետք։ Թուրքիոյ կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումը համարժէք է՝ «երկրագունդը տափակ է» միտքը ապացուցելու փորձին։
Թեկնածու Եըլմազի՝ «Փարիզի դատախազութիւնը, 2018-ին, մեղադրած է «ատելութիւն հրահրելու» համար», կը յայտնէ Intelligence Online։ «Եըլմազ ցուցադրած է մարդիկը իր կողմ համախմբելու կարողութիւնը, երբ ընկերային ցանցերու միջոցով միայն քանի մը վայրկեանի մէջ յաջողած է հաւաքել հարիւր թուրք՝ 2018 թուականի Յունուարին, Լիոնի մէջ Թուրքիոյ հիւպատոսութեան դիմաց քրտամէտ բողոքի ցոյցը դիմակայելու համար»:
Intelligence Online պարզած է, որ «Եըլմազ նաեւ կազմակերպած է Cojep-ի անձնակազմի հանդիպումը Քոնկոյի Դեմոկրատական Հանրապետութեան (ՔԴՀ) պաշտօնական պատուիրակութեան հետ, որ 2021-ի Օգոստոսին մեկնած էր՝ Թուրքիոյ կեդրոնատեղիին մէջ զրուցելու ԱԶԿ-ի բարձրաստիճան անդամներուն հետ: ՔԴՀ-ի պատուիրակութեան կազմին մէջ էր նախագահ Ֆելիքս Չիսըքետիի եղբայրը՝ Ռաճըր Չիսըքետի։ Եըլմազ նաեւ կը վստահի Cojep-ի միջազգային յարաբերութիւններու գծով փոխ նախագահ Սաթի Արիքին, որ տեղակալ է ԱԶԿ-ի կանանց մասնաճիւղի՝ «ԱԶԿ Քատին Քոլարի»-ի խորհուրդին մէջ: Արիկ, որ ծագումով Սթրազպուրկէն է, մտերիմ է թուրք-գերմանական ԱԶԿ-ի պատգամաւոր Զաֆեր Սիրաքայայի հետ։ Ըստ կուսակցութեան կայքին վրայ տեղադրուած անոր կենսագրութեան, ան Սիրաքայայի համար գրած է «Մահմետականները Ֆրանսայի մէջ» թեմայով զեկոյցներ։ Միւս երկու թեկնածուները՝ Այվալի եւ Կալլի, իրենց կապը Cojep-ի հետ ցոյց կու տան միայն ընկերային ցանցերու միջոցով, թէեւ Կալլի անոր տեղական կապեր ապահովող անձն է արեւելեան Ֆրանսայի Մոնսօ-լէ-Մինի համար»:
Բացի Միացեալ Նահանգներէն եւ Ֆրանսայէն, Էրտողան լոպիիստական խումբերու շղթայ ստեղծած է ամբողջ Եւրոպայի մէջ: Ասոնք բաղկացած են «Եւրոպայի թուրք դեմոկրատներու միութենէն (Union des dռmocrates turcs europռens), որ ստեղծուած է ԱԶԿ-ի կողմէ, Պրիւքսէլի մէջ (Պելճիքա) 2003-ին՝ աջակցելու համար Եւրոպական միութեան՝ միանալու Թուրքիոյ թեկնածութեան: Այդ օրուընէ սկսեալ, այս կազմակերպութիւնը դարձած է ԱԶԿ-ի մօտիկ  քանի մը փոքր  կուսակցութիւններու մայր ընկերութիւնը, ինչպէս՝ «Be.one»-ը Պելճիքայի մէջ, Բազմամշակութային իրաւունքի կուսակցութիւնը (Multicultural Recht Partij) Հոլանտայի մէջ եւ Դաշինք նորարարութեան ու արդարութեան համար-ը (Bօndnis fօr Innovation und Gerechtigkeit) Գերմանիոյ մէջ», կը հաղորդէ Intelligence Online:
Թրքական լոպիիստական հսկայածաւալ այս ջանքերը պէտք է դիմակայեն բոլորը, այլ ոչ  միայն հայերը: Թէեւ Թուրքիա սնանկ երկիր է, սակայն Էրտողան որոշած է օգտագործել իր երկրին ֆինանսական սահմանափակ  միջոցները՝ իր բանակը զինելու եւ թրքական քարոզչութիւնը ամբողջ աշխարհի մէջ տարածելու համար:
Յարութ Սասունեան
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ 
Ռուզաննա Աւագեան
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ 
Սեդա Գրիգորեան