Սուրիոյ պատերազմէն ճողոպրած հալէպահայ Մանուշն ու իր պատանի տղաքը՝ Եզնիկն ու Անդօն, ապաստան գտան Զուիցերիա։ Պսակաձեւ ժահրի համաճարակին հետեւանքով սահմանուած պարետային օրերէն մէկը, նախքան շուկայ մեկնիլը անոնք դրացիներուն դուռը կը թակեն հարցնելու, թէ բանի մը կարիք ունի՞ն։
Անոնք, մինչ այդ, ըստ արեւմուտքի սովորութեան,  յարաբերութիւն չունէին, պարզապէս շէնքին մէջ հանդիպելու պարագային իրարու կը բարեւէին ։ Անտէր, ծերունի զոյգը, որ բնիկ զուիցերիացի էր, շնորհակալ ըլլալով իր կարիքները կ’ապսպրէ՝ հաց, հաւկիթ եւ կաթ։
Անդօն շուկայէն վերադառնալով ապրանքը կը յանձնէ ծերունի տիկնոջ, իսկ վերջինս հարց կու տայ, թէ որքա՛ն է արժեգինը։ Անդօն սիրայօժար «չ’ուզեր» կը պատասխանէ:
Տիկինը ապշահար նայուածքը տղուն դէմքին  կեդրոնացնելով կ’ըսէ. «Կեանքիս մէջ զուիցերիացի մը այսպէս չէր ըրած»,  ապա կը շարունակէ. «Աշխարհի վրայ այսպիսի մարդիկ կա՞ն տակաւին»։ Անդօն ժպտելով, մտովին կը մրթմրթայ. «Դուք մէյ մը Հալէպ եկէք…»։
Ես ալ կ’երկրորդեմ ու կ’աւելցնեմ, որ տնտեսաքաղաքական տագնապալի այս օրերուն, Հալէպի մէջ տակաւին գոյութիւն ունին ձմրան ցուրտին ու ամրան կիզիչ արեւուն տակ հացի երկար շարքերուն մէջ ժամերով սպասելէ ետք, իրենց հացէն այլոց բաժին հանողներ։ Աւելի՛ն. սաստիկ ցուրտի օրերուն, սահմանափակ քանակով վառելանիւթ ունենալով մէկտեղ, ուրիշ մսողներու հետ իրենց վառելանիւթը բաժնեկցողներ, իրենց զաւակներուն բաժինէն անկար դրացիին զաւակներուն կաթ, ձէթ, հագուստ եւ այլն տրամադրողներ, դեղորայքի տագնապի օրերուն իրենց դեղերէն մաս մը այլոց տրամադրողներ, հետագային առանց դեղի մնալու հաւանականութիւնն իսկ իմանալով։
Տակաւին՝ կարիքաւորներու ճաշ պատրաստողներ եւ մինչեւ անոնց տունը հասցնողներ, ծերունի դրացին կամ անտէր բարեկամը  լոգցնողներ,  հիւանդանոցի մէջ, որպէս օգնական, վատառողջ բարեկամին գիշեր-ցերեկ հսկողներ կամ վիրահատութեան վարձքը ապահովելու համար հանգանակութիւն կազմակերպողներ։
Աւելին. մենակեաց կեանք վարողներուն այցելողներ ու իրենց ներկայութեամբ յուսադրողներ, իրենց յաւելեալ տունն ու խանութը կարօտեալ ընտանիքներու յատկացնողներ, նիւթական համեստ պայմաններով աշակերտներու դաս բացատրող ուսուցիչներ, իրենց տան ամբերէն դրացիին բաժին հանողներ, Ճամբորդութեան ատեն իրենց անձնական ինքնաշարժին մէջ նոյն ճամբուն ուղեկից հրաւիրողներ եւ այս բոլորը առանց փոխադարձ ակնկալութեան, պարզապէս մարդասիրութենէ մղուած, եսասիրութենէ ազատագրուած, բարի գործերով ազնուացած։
Այսպիսի մարդիկ աջակից ձեռքեր ունեցողներ են, իրարու բեռ կրողներ, բարիք գործելէ չխուսափողներ, ժամանակը, առիթները նաեւ ծառայութեամբ շահարկողներ, գանձերը Վերը դիզողներ եւ ինչու չէ այս աշխարհին մէջ երկնաւոր Հայրը իրենց գործերով փառաւորողներ։  «Այնպէս թող լուսաւորուի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ, որ տեսնեն ձեր բարի գործերը ու փառաւորեն ձեր Հայրը, որ երկինքն է» (Մտ 5.16)։
Այո՛, տիկի՛ն, թէեւ Հալէպ բնակողներուն քանակը նուազեցաւ, բայց Հալէպը մարդկայնութենէ  չդատարկուեցաւ երբեք։
Նայիրի Ատուրեան-Ֆրանքեան