“Թերթ”.- Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերու ԵՄ յատուկ ներկայացուցիչ Տոյվօ Քլաար Twitter-ի իր էջին վրայ գոհունակութիւն յայտնած է Պաքուի Համաշխարհային Դրամատան Համաժողովին Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի այն յայտարարութեան մասին, որուն համաձայն՝ Հայաստանի հետ խաղաղութիւն եւ գործակցութիւն հաստատելու փափաք կայ։ «Ուրախ եմ կարդալուս Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւնը #GlobalBakuForum-ին. «Հիմա ժամանակն է հաստատելու խաղաղութիւն, հաստատելու գործակցութիւն» եւ «անցնելու անոնց գործնական իրականացման»:

Հետեւելով Հայաստանի հետ դրական աշխուժութեան, ԵՄ-ը վճռականօրէն կ’աջակցի խաղաղութեան հաստատումին», գրած է Տոյվօ Քլաար: