Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան 28 Յունիսին ընդունած է Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նորա Արիսեանը:
Ինչպէս «Արմէնփրէս» կը յայտնէ, Ալէն Սիմոնեան շնորհաւորած է է Արիսեանը Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Սուրիոյ Արաբական Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան նշանակուելուն առիթով:
«Ուրախ եմ, որ Հայաստանի մէջ Սուրիան կը ներկայացնէ հայազգի դիւանագէտը: Կը Կարծեմ, որ Ձեր նշանակումը մեր բարեկամ երկիրներու համար նաեւ խորհրդանշական է, եւ մօտ ապագային շատ առիթներ կ՛ըլլան արդէն գործնական հանդիպումներու համար», ըսած է Ալէն Սիմոնեան:
ՀՀ ԱԺ նախագահը ցաւով անդրադարձած է այս տարիներու ընթացքին սուրիացի բարեկամ ժողովուրդին, այդ կարգին` սուրիահայ համայնքին կրած զրկանքներուն: Ան միաժամանակ համոզմունք յայտնած է, որ սուրիացիները, ինչպէս եւ հայ ժողովուրդը, կը յաղթահարեն երկարատեւ ճգնաժամի ծանր հետեւանքները եւ առաջընթացի փուլ կը մտնեն: Ալէն Սիմոնեան երախտագիտութիւն յայտնած է Սուրիոյ դպրոցական դասագիրքերուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան նիւթը ներառելու դեսպանին նախաձեռնութեան համար:
Կողմերը անդրադարձած են Հայաստանի եւ Սուրիոյ միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 30-ամեակի շրջագիծին մէջ միջխորհրդարանական համագործակցութեան` շեշտելով բարեկամութեան խումբերու դերակատարութիւնը:
Ալէն Սիմոնեան յայտնած է, որ Հայաստան կը շարունակէ ի գործ դնել իր ջանքերը` տարածաշրջանին մէջ տեւական կայունութիւն հաստատելու համար:
Հանդիպման աւարտին ՀՀ ԱԺ նախագահը բարի երթ մաղթած է Սուրիոյ դեսպանին դիւանագիտական իր առաքելութեան մէջ` աւելցնելով, որ պատրաստ է աջակցիլ անոր ոեւէ նախաձեռնութեան` ի նպաստ երկու երկիրներու գործակցութեան զարգացման եւ խորացման: