“Անթիլիաս”._Հինգշաբթի, 7 Յուլիս 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը ընդունեց Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդը (ԵՀԽ) եւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդը (ՄԱԵԽ) ներկայացնող պատուիրակթիւն մը, գլխաւորութեամբ յիշեալ խորհուրդներու ընդհանուր քարտուղարներուն: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ խորհուրդներուն մէջ գործող բարձրաստիճան պատասխանատուներ:
 
Այցելութեան նպատակն էր Վեհափառ Հայրապետին հետ խորհրդակցիլ միջ-եկեղեցական բնոյթ ունեցող կարգ մը հարցերու շուրջ: Նորին Ս. Օծութիւնը իր ունեցած երկար տարիներու միջ-եկեղեցական փորձառութեան լոյսին տակ պարզեց իր տեսակէտները:
 
Յայտնենք, որ պատուիրակութեան հետ հանդիպումէն ետք, Վեհափառ Հայրապետը առանձին տեսակցութիւն ունեցաւ ԵՀԽ_ի ընդհանուր քարտուղար դոկտ. հայր Եոան Սաուքայի հետ: