“Էրմէնիհապեր”._Թուրքիոյ Կարս նահանգի Արփաչայ շրջանին մէջ՝ հայ-թրքական սահմանին իրականացուող ականազերծման աշխատանքներու ընթացքին ականի պայթումի հետեւանքով վիրաւորուած է 1 մարդ: Աղբիւրին համաձայն, վիրաւորը եղած է ականազերծման աշխատանքներ իրականացնող ընկերութեան աշխատակիցը: Վիրաւորը տեղափոխած է հիւանդանոց, անոր վիճակը կայուն է:
Յիշեցնենք, որ 13 Յուլիսին թրքական «GazeteKars» լրատուական կայքը տեղեկութիւն տարածած էր առ այն, որ արդէն 20 օր է՝ հայ-թրքական սահմանին «Տողուքափը» անցակէտի շրջակայ գիւղերուն մէջ ականազերծման աշխատանքներ կ՚իրականանան: