Անցեալ շաբաթ Թուրքիոյ կառավարութիւնը դիմեց վախցնելու  իր սովորական մարտավարութեան՝ ստիպելով ՄԱԿ-ի բարձրաստիճան պաշտօնեային՝ ջնջելու Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր թուիթըրեան գրառումը:
27 Յուլիսին Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան Գլխաւոր Խորհուրդի նախագահ Ապտուլա Շահիտ թուիթըրեան գրառում հրապարակած է չորս լուսանկարներով, ուր ան պատկերուած է Երեւանի մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրի մէջ ծաղկեպսակ տեղադրելու պահուն։ Ան իր թուիթին մէջ գրած է. «Ծաղկեպսակ դրի Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յուշահամալիրին մէջ։ Յատուկ շնորհակալութիւն թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Յարութիւն Մարութեանի եւ Յասմիկ Մարտիրոսեանի թանգարանի մէջ շրջայցի համար»։ Մարութեանը այցելուին նուիրած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ գիրքեր եւ ցոյց տուած Ատրպէյճանի կողմէ սպանուած հայերու յիշատակին նուիրուած երեք խաչքարերը։
ՄԱԿ-ի Գլխաւոր խորհուրդի նախագահի տեղադրած ծաղկեպսակը սպիտակ եւ կապոյտ ծաղիկներով էր, զարդարուած կապոյտ ժապաւէնով, որուն վրայ գրուած էր «Միացեալ Ազգեր»։ Իր գրառման միւս լուսանկարներուն մէջ կ’երեւէր, թէ ինչպէ՛ս ան մէկ վայրկեան  լռութեամբ կը յարգէ զոհերու յիշատակը Յուշահամալիրի անմար կրակին մօտ, կը շրջի Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարանին մէջ եւ կը ստորագրէ յուշամատեանի մէջ, ուր գրած է. «Ես շատ յուզուած եմ այս թանգարանը կատարած այցելութենէս: Շնորհակալ եմ ջերմ ընդունելութեան համար՝ Հայաստան իմ այցելութեան շրջագիծին մէջ»։
Հայաստան կատարած եռօրեայ այցելութեան ընթացքին ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Խորհուրդի նախագահը հանդիպած է Հայաստանի տարբեր պաշտօնեաներու, որոնց շարքին՝ նախագահ Վահագն Խաչատրեանի, փոխվարչապետ Համբարձում Մաթեւոսեանի, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի, խորհրդարանի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի, Արտաքին Գործոց Նախարարութեան կին դիւանագէտներու հետ եւ ելոյթ ունեցած Արտաքին Գործոց Նախարարութեան դիւանագիտական դպրոցի աւարտական արարողութեան ժամանակ։
Շահիտի այցէն եւ գրառումէն կարճ ժամանակ անց Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը պաշտօնական յայտարարութիւն տարածեց՝ դատապարտելով զայն Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելելու համար եւ պնդելով, որ անոր այցը «Հայաստան օգտագործուած է հայկական միակողմանի պահանջները բացայայտելու նպատակով, եւ նոյն այդ համաթեքստի մէջ է, որ ան այցելած է այսպէս կոչուած Ցեղասպանութեան յուշահամալիր»։
Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը աւելցուցած է. «Իրմէ կ’ակնկալուէր, որ գործէր արդար եւ անաչառ կերպով, աւելի զգոյշ եւ պատասխանատու ըլլար այս առումով։  ՄԱԿ-ի լիազօր մարմիններու անունով հանդէս եկող ներկայացուցիչները պէտք է կատարեն իրենց պարտականութիւնները ՄԱԿ-ի իրաւական փաստաթուղթերուն եւ միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն ու կանոններուն համապատասխան, մասնաւորապէս՝ 1948-ի Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին համաձայնագրի: Մենք կը դատապարտենք եւ կը մերժենք քաղաքական շահարկումներու միջոցով պատմական փաստերն ու միջազգային իրաւունքը խեղաթիւրելու փորձերը։ Թուրքիան այն կարծիքին է, որ 1915-ի իրադարձութիւններուն հետ կապուած փաստերը պէտք է դիտարկուին լիարժէք, արդար եւ անկեղծ շրջանակներու մէջ»:
Շահիտ, որ նաեւ Մալտիւներու Հանրապետութեան արտաքին գործերու նախարարն է, անմիջապէս ջնջած է Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելութեան մասին իր գրառումը՝ ենթարկուելով թրքական ճնշումներուն։
Մինչ թրքական կառավարութիւնը յաջողած է իր կամքը պարտադրել ՄԱԿ-ի պաշտօնեային, ոչ մէկ հայ պաշտօնեայ, որ հանդիպած է ՄԱԿ-ի Գլխաւոր Խորհուրդի նախագահին հետ,  նեղութիւն չէ կրած հարցնելու, թէ ինչո՞ւ ան ջնջեց իր գրառումը, այլեւ քննադատել զայն:
Ի հարկէ, ոչինչ կրնայ արդարացնել ՄԱԿ-ի բարձրաստիճան պաշտօնեայի հլու-հնազանդ պահուածքը, որ ենթարկուած է բռնապետական վարչակարգի հրահանգին, հակառակ ՄԱԿ-ի սկզբունքներուն, զորս պահպանելու երդում տուած էր: Երկու աղբիւրներ հաստատած են թրքական կառավարութեան որոշ գործողութիւնները. Passblue.com կայքը բացայայտած է, որ Թուրքիա չեղեալ համարած է Շահիտի՝ Անգարա այցելութեան իր հրաւէրը: Թրքական Superhaber.tv-ն այնուհետեւ բացայայտած է, որ Թուրքիա յետս կոչած է Շահիտի հրաւէրը՝ 8-12 Օգոստոս մասնակցելու Անգարա կայանալիք դեսպաններու համաժողովին։ Թուրքիա հաւանաբար կիրառած է քուլիսային այլ միջոցներ, Շահիտին ճնշելու համար:
Շատ վիրաւորական է, որ Շահիտ, համաձայնելով ջնջել իր թուիթը, անարգած է Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որ հաստատուած է նոյնինքն ՄԱԿ-ի կողմէ: 29 Օգոստոս 1985-ին, ՄԱԿ-ի «Խտրականութեան կանխարգիլման եւ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան ենթայանձնախումբը» 15 կողմ, 1 դէմ եւ 4 ձեռնպահ ձայներու յարաբերակցութեամբ ընդունած է Ցեղասպանութեան մասին զեկոյց։ «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատիժի վերաբերեալ վերանայուած եւ թարմացուած զեկոյցը» պատրաստած է բրիտանացի յատուկ զեկուցող Պենճըմին Ուիթաքըր։ Նոյն զեկոյցի 24-րդ կէտին մէջ կ’ըսուի. «Նացիստական  շեղումը ցաւօք, ցեղասպանութեան միակ դէպքը չէր 20-րդ դարուն: Ի թիւս այլ օրինակներու, որոնք կրնան այդպէս որակուիլ՝ 1904-ին գերմանական կոտորածը հերերոներուն, (եւ) Օսմանեան կայսրութեան հայերու ջարդերը 1915-1916 թուականներուն…»: Զեկոյցը կը ներառէր նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ընդարձակ մատենագրութիւն:
Այդ զեկոյցի աւելի կանուխ տարբերակը, որ պատրաստած էր Ռուանտայէն ՄԱԿ-ի յատուկ զեկուցող Նիքոտըմ Ռուհաշեանքիքօ, իր 30-րդ պարբերութեան մէջ ներառած էր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին յիշատակում, որ հետագային ջնջուեցաւ ՄԱԿ-ի կողմէ՝ թրքական կառավարութեան չափազանց մեծ ճնշումներուն հետեւանքով: Այս փաստերուն մասին անձամբ գիտեմ, քանի որ 1978-1985 թուականներուն ես եղած եմ ՄԱԿ-ի մէջ (Ժընեւ)՝ իբրեւ մարդկային իրաւունքներու հարցերով ոչ-կառավարական կազմակերպութեան ներկայացուցիչ՝ հակազդելով Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակումը ջնջելու թրքական բազմաթիւ փորձերուն:
Հայաստանի իշխանութիւնը կրնայ տեղեակ չըլլալ այս փաստերէն։ Կ’առաջարկեմ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան, որ  խիստ ոճով գրուած  բողոք մը ներկայացնէ Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան գլխաւոր քարտուղարին, որպէսզի վերականգնէ թուիթըրեան ջնջուած գրառումը եւ ներողութիւն խնդրէ հայ ժողովուրդէն:
Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան 
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան