“Երկիր”._Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլան խորհրդարանի մէջ բարձրացուցած է յայտնի հայ երգիչ Արամ Տիգրանին աճիւնը Եւրոպայէն Տիարպեքիր տեղափոխելու հարցը։
 
Կարօ Փայլան իր հարցադրումը ուղղած է Թուրքիոյ մշակոյթի նախարարին։ Կարօ Փայլան շեշտած է, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ սիրուած երգիչ Արամ Տիգրանին փափաքը եղած է թաղուիլ Տիարպեքիրի մէջ, սակայն 13 տարի առաջ իր մահէն վերջ թրքական իշխանութիւնները հրաժարեցան թոյլ տալ անոր մարմինը տեղափոխելու Թուրքիա եւ յուղարկավորել Տիարպեքիր։
 
Կարօ Փայլան հետաքրքրուած է, թէ ինչու մինչեւ հիմա չէ թոյլատրուած Արամ Տիգրանին աճիւնը տեղափոխել Տիարպեքիր, ինչպէս նաեւ հետաքրքրուած է Արամ Տիգրանին հետ առնչուած որեւէ ծրագիրներով։