Երեքշաբթի, 13 Սեպտեմբեր 2022-ին, Հալէպի Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու (ՏԻՄ-ի) Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի թեկնածուներ՝ Տիգրան Պետրոսեան, Մարալ Քալայճեան-Սեմէրճեան եւ Արա Մութաֆեան, Ազգ. Վարչութեան արտաքին յարաբերութիւններու ներկայացուցիչ Յարութ Չամիչեանի ընկերակցութեամբ այցելեցին Բերիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Սրբ. Արք. Միրիաթեանին:

Գերապայծառ Տէրը իր օրհնութիւնը տալով զօրակցութիւնը յայտնեց թեկնածուներուն, դիտել տալով որ ուրախ է, որ հայ համայնքէն ներս աշխատունակ եւ վստահութիւն վայելող նման երիտասարդներու թեկնածութիւնը առաջադրուած է։ Ապա յաջողութիւն մաղթելով անոնց՝ գործակցութեան իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց:

Իրենց կարգին, թեկնածուները շնորհակալութիւն յայտնեցին Գերապայծառ Տիրոջ գործակցութեան համար ու դիտել տուին, որ Գերապայծառ Տիրոջ քաջալերական մօտեցումը սուրիահայ քաղաքացիներու երկրի վերականգնումի եւ ապաքինման այս փուլին մասնակցութիւնը խրախուսող քայլ է։
Հանդիպումը ընթացաւ ջերմ մթնոլորտի մէջ։

Աւարտին Գերապայծառ Տէրը թեկնածուներուն նուիրեց իր հրատարակած գիրքերէն օրինակներ։

Յիշենք, որ Կիրակի, 18 Սեպտեմբեր 2022-ին, տեղի պիտի ունենան Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու ընտրութիւնները: