ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան կառավարութեան նիստին՝ անդրադառնալով Ատրպէյճանի զինուժի կողմէն ՀՀ տարածքներ ներթափանցումի հարցով ըսաւ, որ ՄԱԿ_ի Անվտանգութեան խորհուրդի քննարկումին հետեւանքով որեւէ փաստաթուղթ չէ ընդունուած, բայց առանց փաստաթուղթի միջազգային հանրութիւնը դիրք առած է քննարկուող հարցերուն շուրջ։

«Երկիրներու ճնշող մեծամասնութիւնը ընդգծած է ուժի կիրառումի անթույլատրելիութիւնը, ՀՀ տարածքի անձեռնմխելիութիւնը, ելման դիրքեր վերադառալու անհրաժեշտութիւնը, բազմիցս օգտագործուած է «յարձակում» եզրոյթը։ Ընկալում կայ, որ սա յարձակում է, թիրախաւորուած են քաղաքացիական ենթակառուցուածքներ», ներկայացուց Միրզոյեան։

Անոր խօսքին համաձայն, բազմաթիւ երկիրներ խօսած են Լեռնային Ղարաբաղի հիմնահարցի մասին, որ կը նշանակէ, թէ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան թէզը, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հարց գոյութիւն չունի, իր հակառակ ու համարժէք արձագանքը ստացած է։

Միրզոյեան շեշտեց, որ առանձին երկիրներու հետ առնչուած Հայաստան ունէր աւելի մեծ ակնկալիքներ, բայց անոնք չարդարացան։