Եւրոպայի Խորհուրդի խորհրդարանական Վեհաժողովին (ԵԽԽՎ) Ֆրանսայի պատուիրակ Ժաք Լէ Նայ լիագումար նիստով յստակօրէն յայտարարած է, որ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը պէտք է պահպանուի, Ատրպէյճանը պէտք է դուրս գայ Հայաստանի տարածքէն։ Պատգամաւորը այս մասին խօսած է ԵԽԽՎ աշնանային նստաշրջանի լիագումար նիստին՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ զինուորական գործողութիւններու, նաև քաղաքացիական ենթակառուցուածքներու թիրախաւորման առնչութեամբ հարցերու քննարկումի ժամանակ:

«Այս իրավիճակին մէջ, որ շատ արագ կրնայ յանգեցնել նոր պատերազմի , անհրաժեշտ է յիշել շարք մը հիմնարար կէտեր. առաջին կարգին պէտք է պահպանուի Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը, Ատրպէյճանը պէտք է դուրս գայ Հայաստանի տարածքէն»,ընդգծած է պատգամաւորը:

Ան աւելցուցած է, որպէս Եւրոպայի խորհուրդի անդամ պետութիւններ, երկու երկիրները պէտք է յարգեն ռազմագերիներու իրաւունքները և գերի չվերցնեն: «Սակայն մամուլը կը յայտնէ ընկերային ցանցերու վրայ շրջանառուող տեսանիւթերու մասին, որոնց մէջ կ’երեւի, թէ ինչպէս են ատրպէյճանցի զինուորականները կ’առեւանգեն ու կը խոշտանգեն հայերը։ Ատրպէյճանը պէտք է հետաքննէ այս միջադէպերը եւ մեղաւորները պատասխանատուութեան ենթարկէ»,շեշտած է ԵԽԽՎ պատգամաւորը:

Այսպիսով` ան կոչ ուղղած է երկու երկիրներուն արագօրէն բանակցելու խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ: Այս առումով պատգամաւորը կարեւոր համարած է, որ Եւրոխորհուրդը ամբողջութեամբ կատարէ իր դերը՝ որպէս քննարկումի համաեւրոպական հարթակ եւ քաղաքական երկխօսութեան միջոցով նպաստէ լարուածութեան թուլացման եւ քաղաքացիներու հիմնարար իրաւունքները յարգելուն:

« Միջազգային հանրութիւնը չի կրնար անտարբեր մնալ այս տարածաշրջանի մէջ տիրող իրավիճակի առնչութեամբ։ Եւրոմիութիւնն ու ԱՄՆ-ն, բայց նաեւ Ռուսիան ու Թուրքիան պէտք է միասին աշխատին այս հակամարտութիւնը լուծելու համար»,ըսած է ան՝ նկատելով, որ, սակայն, այս հարցին մէջ միջազգային հանրութեան ուժգնութիւնը հեշտ պիտւ չըլլայ՝ նկատի առնելով Ուքրանիոյ իրավիճակը: