Օրհնութեամբ եւ գլխաւորութեամբ Սուրբ Աթոռոյս ազգընտիր գահակալ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Սրբազնագոյն Հայրապետին եւ ներկայութեամբ վանաբնակ միաբան հայրերու, Կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» թանգարանի սրահին մէջ, Շաբաթ, 15 Հոկտեմբեր 2022-ին տեղի ունեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ուխտեալ Միաբանութեան Վարդապետութեան աստիճանի թեկնածու վեց երիտասարդ հոգեւորականներու վարդապետական աւարտաճառի ներկայացումը՝ Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պրիխանեանի, Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեանի (Երկուքը Բերիոյ Հայոց Թեմէն ներս ծառայող), Հոգշ. Տ. Աւետիք Աբղ. Տէր Կարապետեանի,Հոգշ. Տ. Սարգիս Աբղ. Աբրահամեանի, Հոգշ. Տ. Գէորգ Աբղ. Գարակէօզեանի, Հոգշ. Տ. Յակոբ Աբղ. Եագուպեանի եւ Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պարիխանեանի։

Աւարտաճառերը կը բովանդակէին արխիւային նիւթեր, որոնք դուրս բերուած էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան հարուստ արխիւներէն։ Հայր Աւետիքին աւարտաճառի նիւթն էր «Զանազան Նամակագրութիւններ Բերիոյ Հայոց Թեմին Ուղղուած», Հայր Անդրանիկինը՝ «ՀԲԸ Միութեան Աշխատանքը 1919-1945», Հայր Սարգիսինը՝ «ՀԲԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Թղթակցութիւնը Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հետ (1918-1956)», Հայր Գէորգինը՝ «Թղթակցութիւն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան Միջեւ (1930-1942)», Հայր Յակոբինը՝ «Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Թղթակցութիւնը ՀԲԸՄ-ի Մասնաճիւղերու Հետ 1957-էն Մինչեւ 2004» եւ Հայր Մանուկինը՝ «Վանի Ինքնապաշտպանութիւնը – Շապին Գարահիսարի Ինքնապաշտպանութիւնը – Սուէտիոյ Ինքնապաշտպանութիւնը – Հայկական Կիլիկիոյ Ազատագրման Անցքերը»։
Իւրաքանչիւր միաբան իր աւարտաճառը ներկայացնելէ ու իր աշխատելաոճին մասին յաւելեալ լուսաբանութիւններ կատարելէ ետք, եզրափակիչ օրհնութեան խօսքը ուղղեց Վեհափառ Հայրապետը։ Ան գնահատեց միաբան հայրերուն կողմէ տարուած ուսումնասիրական արխիւային աւարտաճառերու աշխատանքները եւ կարեւոր ընդգծումներ ու թելադրանքներ կատարեց ակադեմական չափանիշերով ամբողջացնելու եւ հրատարակութեան պատրաստելու համար յոյժ կարեւորութիւն ներկայացնող նիւթերը։ Այս առիթով Նորին Ս. Օծութիւնը անդրադարձաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան եւ Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (ՀԲԸՄ) միջեւ անցեալին գոյութիւն ունեցած սերտ գործակցութեան ու յարաբերութեան եւ յիշեց ՀԲԸՄ-ին ունեցած ներդրումը մեր Ս. Աթոռի կեանքին ու առաքելութեան մէջ։ Աւարտին, Հայրապետը թելադրեց յատուկ կարեւորութիւն ընծայել մեր հոգեմտաւորական կեանքին, իբրեւ անբաժան մասը հայ հոգեւորականի կոչումին, ծառայութեան ու առաքելութեան։
Յայտնենք, որ վարդապետական իշխանութիւն ստանալու թեկնածուներէն հայր Յակոբը չկարողացաւ ներկայ գտնուիլ աւարտաճառերու ներկայացման եւ, ուստի, վարդապետական գաւազանի իշխանութեան տուչութիւնը տեղի պիտի ունենայ իր ծառայած թեմէն (Քանատա) ներս՝ ձեռամբ առաջնորդ սրբազանին։