Հանդիսապետութեամբ եւ տնօրինութեամբ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին, Կիրակի, 16 Հոկտեմբեր 2022-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ, յընթացս Ս. եւ Անմահ Պատարագին, հինգ երիտասարդ միաբաններ ստացան վարդապետութեան մասնաւոր իշխանութեան չորս աստիճանները՝ ձեռամբ «Կիլիկիա» մատենադարանի տեսուչ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանի եւ խարտաւիլակութեամբ Հոգշ. Տ. Վիգէն Վրդ. Տալգըլճեանին։
Եկեղեցւոյ ատեանին մէջ, Շահան սրբազանը ընծայեալներուն կատարեց հաւատքի քննութիւն։ Հոգշ. Տ. Աւետիք Աբղ. Տէր Կարապետեան, Հոգշ. Տ. Անդրանիկ Աբղ. Քիւրիւմեան, Հոգշ. Տ. Սարգիս Աբղ. Աբրահամեան, Հոգշ. Տ. Գէորգ Աբղ. Գարակէօզեան եւ Հոգշ. Տ. Մանուկ Աբղ. Պրիխանեան ծնկադիր շրջապատած ձեռնադրիչ սրբազանը՝ նզովեցին բոլոր աղանդաւոր հերձուածները ու անոնց ուսուցումները եւ հաստատեցին իրենց հաւատարմութիւնը ուղղափառ դաւանանքին ու անոր ջատագով հայրապետներուն։ Ապա, հինգը միասնաբար արտասանեցին Հաւատոյ Դաւանանքը։ Արդարեւ, ընծայեալները Վարդապետական չորս աստիճաններու ստացումով, նորոգեցին իրենց ուխտը հոգեւոր ծառայութեան եւ խոստացան ամբողջանուէր քարոզել Տիրոջ Աւետարանը՝ մեր ժողովուրդի փրկութեան համար:
Արարողութեան աւարտին, Շահան Արք. յաւուր պատշաճի քարոզեց։ Ան փառք ու գոհութիւն յայտնեց Ամենակալ Աստուծոյ, որ իր շնորքը կ՚առատացնէ մեր սուրբ եկեղեցւոյ զաւակներուն վրայ, ձեռնադրութեանց շնորհաբաշխութեան ճամբով կը լուսաւորէ եկեղեցին եւ նորոգուած ուխտով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Միաբանոթեան շարքերէն ներս Աւետարանի քարոզիչներ կ՚ընտրէ, որպէսզի Տիրոջ խօսքը մեր ժողովուրդին փոխանցէ։ Ան երախտագիտութիւն յայտնեց Ս. Աթոռիս ազգընտիր հովուապետին, որուն տնօրինութեամբ ու նախագահութեամբ օր մը առաջ տեղի ունեցած էր վարդապետական աւարտաճառերու պաշտպանութիւն եւ այսօր, դարաւոր մեր եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, կը կատարուի աբեղայական կուսակրօն քահանայութենէն ետք, Տիրոջ խօսքը քարոզելու համար Վարդապետական չորս աստիճաններու շնորհում։ Սրբազան հայրը մեկնելով Պօղոս առաքեալի խօսքէն, թէ «ամօթ չեմ համարեր Աստուծոյ Աւետարանը քարոզել, որ Աստուծոյ զօրութիւնն է եւ որ կը փրկէ ամէն հաւատացող» (հմմտ. Հռ 1.1, 16), բացատրեց Աւետարանին գիրք հասկացողութենէն անդին փրկագործական նշանակութիւնը՝ ընդգծելով «Տիրոջ խօսքը նոյնինքն Տէր Աստուածն է, Իր Արքայութիւնը, Տէր Յիսուս Քրիստոսը՝ մարդկութեան Փրկիչը, Տիրոջ փառքն ու շնորհքն է, Տիրոջ լոյսն ու մեր յոյսն է»: Ան թելադրեց հոգեշնորհ վարդապետներուն վայել ձեւով ապրիլ Աւետարանի ճշմարտութիւնը եւ հաւատքով համարձակօրէն քարոզել, ուսուցանել, պայքարիլ եւ կեանքը զոհաբերել։
Ս. Պատարագէն ետք, Նորին Ս. Օծութիւնը վեհարանին մէջ ընդունեց հայ եկեղեցւոյ նորընծայ վարդապետները եւ փոխանցեց իր հայրական ու Հայրապետական օրհնութիւնը։
Յայտնենք, որ Վեհափառ Հայրապետին տնօրինութեամբ, Հոգշ. Տ. Յակոբ Աբղ. Եագուպեան նոյն օրը վարդապետական գաւազան կրելու իշխանութիւն ստացաւ իր ծառայութեան կոչուած թեմի Ս. Յակոբ առաջնորդարանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ (Գանատա), ձեռամբ Գանատայի Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Բաբգէն Արք. Չարեանի։